image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճանի մէջ դպրոցը դարձած է հակահայկական քարոզչութեան, այլ ոչ թէ կրթութեան վայր. ատրպէյճանցի լրագրող

Ատրպէյճանի մէջ դպրոցը դարձած է հակահայկական քարոզչութեան, այլ ոչ թէ կրթութեան վայր. ատրպէյճանցի լրագրող

Ատրպէյճանցի լրագրող Ճավետ Ահմետովը հրապարակած է ատրպէյճանական դպրոցէ տեսանիւթ մը, որ ակնյայտ հայատեաց քարոզչութիւն է:

Տեսանիւթին մէջ զինուորական համազգեստով չափահաս տղամարդիկ կը բեմադրեն աշակերտի կողմէ մարմնաւորած «հայու» ձերբակալութիւնը: Անոնք կը ձեւացնեն, թէ ատրճանակ ուղղած են անոր գլխուն եւ կը պահանջեն, որ ան քանի մը անգամ կրկնէ «Ղարաբաղն Ատրպէյճան է» արտայայտութիւնը:

«Նայեցէք այս խելագարութեան ատրպէյճանական դպրոցի մէջ: Ահա թէ ինչպէս անոնք կը լուան երիտասարդութեան ուղեղը: Դպրոցը դարձած է քարոզչութեան, այլ ոչ թէ կրթութեան վայր: Աշակերտները կը բեմադրեն հայու գերեվարումը եւ կը ստիպեն անոր ըսել՝ «Ղարաբաղը Ատրպէյճան է»: Ի՜նչ ամօթալի տեսարան կրթական համակարգի համար», - գրած է Ահմետովը: