image

Պաքու պիտի օգնէ՝ Քիեւին

Պաքու պիտի օգնէ՝ Քիեւին

Ուքրանիոյ մէջ Ատրպէյճանի դեսպան Սէյմուր Մարտալիեւը հանդիպած է Ուքրանիոյ ներքին գործոց փոխնախարար Պոկտան Տրափեաթին, յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։

Մարտալիեւ ըսած է, որ Ատրպէյճանը լիովին կ'աջակցի Ուքրանիոյ կողմին եւ պիտի շարունակէ օգնել անոր։ Ատրպէյճանի դեսպանը խօսած է աջակցութեան քանի մը ոլորտներու մասին՝ ուքրանացի երեխաներու բժշկական եւ հոգեբանական վերականգնման, զինուորականներու վերականգնման, օգնութիւն ուժանիւթի ոլորտի եւ յետպատերազմեան վերականգնման հարցերով: Քննարկուած է նաեւ մարդասիրական ականազերծման փորձի փոխանակման դասընթացներու կայացումը։

Հանդիպման աւարտին Մարտալիեւը յայտարարած է օգնութեան նոր փաթեթի մասին։ Այն կը ներառէ մեքենայացուած ականազերծման մեքենայ։

«Մենք կ'ուզենք մեր հիացմունքը արտայայտել Ռուսիոյ Դաշնութեան յարձակման հակահարուած տալու ձեր տոկունութեան եւ քաջութեան համար։ Այդ իսկ պատճառով մենք որոշեցինք մեծցնել Ուքրանիոյ օգնութեան փաթեթի չափը, այդ շարքին՝ մարդասիրական ականազերծման հարցով։ Մենք արդէն քաղաքական պարտաւորութիւններ ստանձնած ենք՝ օգնելու Ուքրանիոյ»,-ըսած է Մարտալիեւ։