image

Ռուսիան եռօրեայ դադարէ ետք զանգուածային հարուածներ հասցուցած է Քիեւին

Ռուսիան եռօրեայ դադարէ ետք զանգուածային հարուածներ հասցուցած է Քիեւին

Ռուսիոյ զինուած ուժերը զանգուածային յարձակում գործած են Քիեւի մարզին վրայ՝ գործածելով պալիսթիք, թեւաւոր եւ հակածովային հրթիռներ, ինչպէս նաեւ հակազդող անօդաչու թռչող սարքեր։ Այս մասին յայտնած է Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին իր Telegram-ի ալիքով։

Անոր խօսքով՝ գիշերային յարձակման ընթացքին ռուսերը միտումնաւոր փորձած են հնարաւորինս շատ վնաս հասցնել մարդոց։ Քիեւի մէջ բնակելի շէնքեր եւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներ զգալի վնասներ կրած են, 2 անձ զոհուած է, 10-ը՝ վիրաւորուած։ 13 անձ յաջողուած է փրկել։

Նախագահը նաեւ նշած է, որ Քիեւի մարզին մէջ թիրախաւորուած են կենսական նշանակութիւն ունեցող ենթակառուցուածքային կառոյցներ։

 

Զելենսքին տեղեկացուցած է Խարքովի մէջ երկու վիրաւորի եւ բնակելի շէնքի մը վնասուելու մասին։ Հարուածներու ենթարկուած են նաեւ այլ մարզեր։

«Այսօր առաւօտեան Սումիի մարզի երկաթուղային կայարանին մէջ յարձակման ենթարկուած է Քիեւ-Սումի գնացքի շոգեկառքը, սակայն զոհեր չկան։ Յարձակումներ եղած են նաեւ Զափորոժիէի եւ Տնեփրի մարզերուն մէջ»,– նշած է ան։

«ՌՊՔ-Ուքրանիա» պարբերականը կը հաղորդէ, որ գիշերը հարուածներ արձանագրուած են Քիեւի եօթը շրջաններուն մէջ։ Վնասուած են առնուազն 14 բարձրայարկ շէնքեր, դպրոց, քլինիք, հանրախանութ եւ վառելանիւթի լիցքաւորման կայան։

Քիեւի քաղաքային դատախազութիւնը պատերազմական ոճիրի առնչութեամբ քրէական հետաքննութիւն սկսած է։

 

Հարուածներու ենթարկուած է նաեւ Օտեսան։ Քաղաքի արուարձաններուն մէջ գտնուող շուկային ուղղուած հարուածին հետեւանքով տուժածներ կան։

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաստատած է Քիեւի եւ Օտեսայի ուղղութեամբ հարուածները՝ նշելով, որ թիրախաւորուած են ուքրանական ռազմաարդիւնաբերական համալիրի ձեռնարկութիւններ։

Մինչ այդ, Ռուսիան եւ Ուքրանիա երեք օրով փոխադարձաբար դադրեցուցած էին մայրաքաղաքներուն ուղղութեամբ յարձակումները՝ ԱՄՆ նախագահին բանագնացներ Սթիւ Ուիթքոֆի եւ Ճարէտ Քուշների Մոսկուա եւ Քիեւ այցելութիւններու լոյսին տակ։

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ յայտարարած է, որ Սեպտեմբեր 8-ի գիշերը հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը երկրի մարզերուն եւ Սեւ ծովուն վրայ որսացած եւ ոչնչացուցած են ուքրանական 384 անօդաչու թռչող սարք։

Սարաթովի մարզի նահանգապետը յայտնած է, որ ուքրանական անօդաչու թռչող սարքի յարձակման հետեւանքով վիրաւորուած է 10 անձ, ներառեալ՝ երեք երեխայ, իսկ քանի մը շէնք վնասուած է։

Խրիմի մէջ Ուքրանիոյ զինուած ուժերու յարձակման հետեւանքով երկու անձ զոհուած է, մէկը՝ վիրաւորուած։

Պրեանսքի մէջ անօդաչու թռչող սարքի հարուածին հետեւանքով մէկ անձ զոհուած է, եւս երեքը՝ վիրաւորուած։