Ռուսիան ԱԹՍ-ներով հարուածներ հասցուցած է Քիեւին․ կան զոհեր։ Այս մասին կը հաղորդէ Քիեւի մարզային ռազմական վարչութեան ղեկավար Թիմուր Տքաչենքոն՝ Telegram-ի ալիքով։
Անոր խօսքով՝ Պրովարիի շրջանին մէջ բեկորներու անկման հետեւանքով վնասուած են մասնաւոր բնակելի տուն, տնտեսական շինութիւններ եւ ինքնաշարժներ։ Հրդեհ բռնկած է նաեւ ոչ բնակելի շէնքի տարածքին մէջ։
«Ցաւօք, զոհուած է երեք մարդ, որոնցմէ մէկը՝ երեխայ։ Եւս երեք հոգի վիրաւորուած են, անոնց շարքին նոյնպէս երեխայ կայ։ Խորին ցաւակցութիւններս կը յայտնեմ զոհուածներու հարազատներուն եւ մերձաւորներուն»,– գրած է պաշտօնեան։
Յայտնի է, որ դէպքի վայրին մէջ կ՚աշխատին փրկարարներն ու բոլոր անհրաժեշտ ծառայութիւնները։ Հետեւանքներու վերացման աշխատանքները կը շարունակուին։