Յարաբերութիւններու կարգաւորման նպատակով Ատրպէյճանը Հայաստանին 5 կէտէ բաղկացած փաստաթուղթ փոխանցած է, որ կը «ներառէ նաեւ Հելսինքիի համաձայնագրերու սկզբունքները»: Այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահի օգնական, նախագահի վարչակազմի արտաքին քաղաքականութեան հարցերով բաժնի ղեկավար Հիքմեթ Հաճիեւը:
«մենք հայկական կողմին տրամադրած ենք խաղաղութեան պայմանագրի, Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ հնարաւոր խաղաղութեան պայմանգրի հիմնական սկզբունքները: Անոնք ձեւակերպուած են միջազգային իրաւունքի կանոններու եւ սկզբունքներու հիման վրայ եւ հիմնարար կը հանդիսանան բարիդրացիական յարաբերութիւններու համար: Եթէ դուք (Հայաստանը) կը փափաքիքբարիդրացիական յարաբերութիւններ, ապա ամէնը կը սկսի առաջին եւ ամենակարեւոր որոշումէն. Հայաստանն ու Ատրպէյճանը պէտք է ճանչնան տարածքային ամբողջականութիւնը, ինքնիշխանութիւնը եւ¬ իրենց միջեւ սահմաններոգ անխախտելիութիւնը: Ինչպէս նաեւ զերծ մնան ուժի եւ տարածքային ամբողջականութեան դէմ ուժի սպառնալիքի կիրառումէն», ըսած է Հաճիեւը:
«Հայաստանը պէտք է վերջ դնէ այդ տարածքային պահանջներուն Ատրպէյճանի հանդէպ: Եւ այդ ժամանակ, ելլելով այդ հանգամանքէն` մենք կրնանք յառաջ շարժիլ», ըսած է ան:
Հաճիեւը ուշադրութիւն հրաւիրած է այն հանգամանքին վրայ, որ Թուրքիան եւս կը սկսի դիւանագիտական մակարդակով կապեր հաստատել Հայաստանի հետ: «Մենք կ'աջակցինք այդ գործընթացին, սակայն միեւնոյն ժամանակ կ'աջակցինք այդ գործընթացի երկու ուղղութեան` հայ-ատրպէյճանական եւ հայ-թրքական յարաբերութուններու կարգաւորման զուգահեռ եւ համաժամանակեայ ընթացքին», յայտնած է Ատրպէյճանի նախագահին օգնականը: