image

ՍԴՀԿ «Պանդուխտ»-ի անդամներ այցելած են գերութենէն ազատուած Մարալ Նաճարեանին

ՍԴՀԿ «Պանդուխտ»-ի անդամներ այցելած են գերութենէն ազատուած Մարալ Նաճարեանին

Հինգշաբթի, 11 Մարտ 2021-ի առաւօտուն, Ռաուտայի Ս.Դ.Հ.Կ. Պանդուխտ Մասնաճիւղի Վարչութիւնը այցելած է Ատրպէյճանի Կողմէ գերեվարուած լիբանանահայ Մարալ Նաճարեանին բնակարանը։
Երկար ատենէ ի վեր Ազրպէյճանի մէջ գտնուող Մարալ Նաճարեան, որ արցախեան վերջին պատերազմէն օրեր ետք գերի ինկած էր, արդէն իսկ կը գտնուի Լիբանանի իր բնակարանը։

 

Անոնք ողջունած են չորս ամիս գերութեան մէջ գտնուած հայուհիի վերադարձը եւ յայտնած են իրենց աջակցութեան մասին: 

Մարալ Նաճարեանի վերադարձի հարցով զբաղուած են Լիբանանի եւ Հայաստանի շարք մը պետական եւ իրաւաբանական կազմակերպութիւններ, կուսակցականներ: