image
Հրատապ լուրեր:

Պաղտատի մէջ. Հայ երիտասարդներ մաքրութեան աշխատանքներ տարած են Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ

Պաղտատի մէջ. Հայ երիտասարդներ մաքրութեան աշխատանքներ տարած են Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ

Պաղտատի մէջ օրերս նշուած է Սուրբ Աստուածածնայ վերափոխման տօնը։

Այս առթիւ ալ խումբ մը երիտասարդներ օրհնութեամբ եւ ներկայութեամբ Իրաքի Թեմի նորանշանակ Առաջնորդ Հոգշ. Տ. Օշական վրդ. Կիւլկիւլեանին ներկայ եղած են տօնական արարողութիւններուն։

Այս մասին կը կարդանք Իրաքի Հայոց Առաջնորդարանի պաշտօնական էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝ 

9-15 Օգոստոս, 2022-ին, Պաղտատի հայ երիտասարդները եւ ՀԵԿ-ի անդամները մասնակցեցան Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մաքրման աշխատանքներուն, նաեւ Վերափոխման տօնին շաբթուան ընթացքին կազմակերպեցին հաւատացեալներու այցելութիւնը Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցի: Աւելցնենք, որ երիտասարդները եւ ՀԵԿ-ի անդամները մասնակցեցան Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տօնին առթիւ մատուցուած Ս. Պատարագին։

 

 

Յիշեցնենք, որ  երկար  տարիներ  Իրաքի Հայոց Թեմը ձեռհասօրէն ղեկավարելէ ետք  վերջերս   Գերշ.  Տ. Աւագ  արք. Ասատուրեան  հրաժարական տուած էր ու  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.  Գարեգին Բ.  Ամենայն Հայոց  Վեհափառի  բարձր տնօրինութեամբ վաւերացուած էր   նոր առաջնորդ  Հոգշ. Տ. Օշական  Վրդ. Կիւլկիւլեանի ընտրութիւնը։