image

Օտարամոլ ընթացքով

Օտարամոլ ընթացքով

Աշխարհի երեսին հաւանաբար դժուար ըլլայ գտնել ազգութիւն մը, որ իր բառապաշարին մէջ որպէս մէկ բառ ունենայ «օտարամոլ», «օտարամէտ» եւ «այլապաշտ» բառերը, որոնք հարազատ պատկերն են հայ ժողովուրդի մեծամասնութեան: 

Այս օտարամոլութիւնը վերջին ժամանակաշրջանին ի յայտ եկած երեւոյթ մը չէ մեր իրականութենէն ներս. նոյնիսկ դարեր առաջ օտարամոլութեան ախտը բոյն դրած է մեր ժողովուրդի սրտերուն մէջ, ինչ որ պատճառ եղած է մեր տկարացման, ուժաթափումին եւ բնականաբար ստրկացման: 

Այդ օտարամոլութեան նշոյլները եւ անոնց հետեւանքները կը տեսնենք անցեալի մեր պատմիչներէն. Օրինակ 13րդ դարու բանաստեղծ, Աստուածաբան եւ պատմագիր Ստեփանոս Օրբելեան իր «Պատմութիւն տանն Սիսական»ին մէջ բազմիցս կը յիշէ օտարամէտ եւ օտարամոլ Կիլիկեան թագաւորներուն մասին, նոյնիսկ անիծելով զանոնք, ըսելով. « որ հակառակին, որոշեալ լիցին ի սուրբ հարցն մասնակցութենէ» (Օրբ., 210րդ երես): 

Բանասէր, հայագէտ ու պատմաբան Մաղաքիա Արք. Օրմանեան եւս իր «Ազգապատում» աշխատութեան Բ. հատորի 1345-րդ գլխուն մէջ կը գրէ. «Լեւոն առաջին թագաւորէն եւ Լամբրոնացի օտարասէր քարոզիչէն սկսելով, էջքը շեշտուեցաւ հետզհետէ, եղան զիջողութեանց ճամբայ ընդլայնողներ»: 

Օտարներ երբ կը սքանչացումով կը լսեն Կոմիտասն ու հայկական երաժշտութիւնը, մենք կը տարուինք օտարին աւելորդաբանութիւններով, նոյնիսկ չի՛ հասկնալու գնով. Սայաթ Նովայի «աշխարհումս իմն դուն իս»ը աշխարհաբար չէ ըսելով անհասկնալի կը գտնենք եւ չե՛նք ունկնդրէր, մինչ օտարին չհասկցած «Despacito»ն զուարճութեամբ կը լսենք: 

Օտարամո՛լ ենք մենք: 

Թող Եւրոպացիք կիսամերկ դուրս գան փողոց. այդ մէկը լայնախոհութիւն է մեզի համար, սակայն թող համարձակի մեզմէ մէկը նոյն կիսամերկութեամբ դուրս՝ փողոց դուրս գայ. այդ մէկը արդէն իսկ կը դառնայ անպատուութիւն, որովհետեւ սեփականը քննադատելը դիւրին է, սակայն օտարինը չենք կրնար քննադատել՝ զիրենք սիրաշահած ըլլալու համար, ինչպէս Շահնուր պիտի ըսէր. «Օտարացած անձը յարգանք չի պահանջեր այլեւս ուրիշներէ, կամաւոր կերպով կը նուաստանայ նոյնիսկ, հաճելի ըլլալու համար իր նոր շրջապատին»: 

Այս բոլորը գրած ատենս կը յիշեմ այն ՀԱՅ մայրերը, որոնք սքանչացումով ու հիացմամբ կը նային մէկ-երկու-երեքը անգլերէն կամ ֆրանսերէն լեզուով արտասանած իրենց զաւակներուն. վստահ եմ իրենց զաւակները Սեւակէն բաժին մը անգիր ըսեն այնքան պիտի չուրախանային՝ ինչքան օտար մէկ երկու երեքը: Այո՛, մենք կ'ըսենք որ օտարին լեզուն գիտնալը, մանաւանդ այս դարուս կարեւոր ու անմիջական պահանջք մըն է, սակայն ո՛չ սեփականը մոռնալու գնով: 

Դարերը շա՜տ փոխուեցան. աւելի քան երեք հարիւրամեակ առաջ Պաղտասար Դպիր կ'երգէր «օտարին լեզուն աւելի ցաւ եղեր` զիս կու տաղէ, կու տաղէ», իսկ այսօր հայրենի, մայր լեզուի չգիտութիւնը մե՛զ կը «տաղէ»: Հայը կը սկսի սփիւռքի մէջ մանաւանդ օտար լեզուով տրամաբանել ու մտածել եւ մտածումը հայերէն թարգմանել եւ այդպէս արտայայտուիլ, որովհետեւ օտարը կը սկսի աւելի հարազատ հնչել քան սեփականը: 

Շատ անգամ կը կարդամ աւելի քան դար մը առաջ մեր մեծ մտաւորականներու կողմէ գրուած օտարամոլութեան դէմ արտայայտութիւնները եւ կը զարմանամ. ա՛յն ժամանակներուն երբ հայ մամուլը, թատրոնն ու գրականութիւնը արժէք կը ներկայացնէր ու օտարամոլութեան դէմ կը գրուէր, այսօր ինչքա՞ն աւելիով պէտք է որ գրուի: Այդ արտայայտութիւններէն մին կը տեսնենք 19-րդ դարու գրող եւ բանաստեղծ Միքայէլ Նալպանտեանի մօտ. գրողը իր «Յիշատակարան Կոմս Էմմանուէլի» աշխատութեան մէջ կը գրէ. «Նոքա դեռ նոր աշխարհ բերած մանուկը, ըստ մեծի մասին, յանձնում են օտարազգի դայեակների, հայի զաւակը աճում է օտարի կաթով, օտարի լեզուն եւ հոգին ներս է մտանում նորա մէջ այն կաթի հետ, որ սուրբ չէ մեզ»: Երկու դար ետք բան մը փոխուած չէ՛ դրութենէն. սփիւռքի մէջ մեր բարեկեցիկ ընտանիքները մինչեւ օրս իրենց զաւակները կը յանձնեն ընդհանրապէս սեւամորթ՝ հնդիկ եւ եթովպացի սպասուհիներու խնամքի, որոնք հայերէն լեզուին անծանօթ, անգլերէնով կը փորձէն «կրթել» մանուկը: Հայերէն լեզուի իմացութենէն առաջ մանուկը կը տիրապետէ անգլերէն լեզուին, որովհետեւ իր «մօր»՝ դայեակին հետ պարտաւոր է խօսիլ անգլերէն լեզուով. շատ անգամ կը պատահի որ մանուկը աւելի՛ սէր ունենայ այդ սեւամորթին հանդէպ՝ քան իր հարազատ մօր, որ ընդհանրապէս զբաղուած կ'ըլլայ շուկայով եւ կամ իրեն նման անօրինակելի ընկերուհիներով: Մեծ գրող Ռաֆֆի եւս իր «Հայ Կինը» աշխատութեան մէջ կը յիշէ դարեր առաջ գոյութիւն ունեցող օտարազգի դայեակները եւ անոնց փոխանցած «կրթութեան» դիմաց կ'ըսէ. «Երեխան մայրենի լեզուէն բառ մը չի գիտեր, որովհետեւ այդ լեզուով ո՛չ ոք կը խօսի ընտանիքին մէջ»: 

Այսօր, ցաւ ի սիրտ, քաղաքական գետնի վրայ եւս օտարներն են մեր յոյսը, հակառակ այն իրողութեան, որ մեր ռազմական ու ֆիտայական գործիչները բազմիցս յորդորած են օտարին չվստահիլ. օտարին բարեկամութիւնը հարազատի դաւաճանութենէն շա՛տ աւելի ծանր կը կշռէ. մենք կարծենք ինչ որ օտար է՝ բարի է եւ ընդօրինակելի: 

Տակաւին շա՜տ ժամանակ կ'ուզենք հասկնալու, որ ուրիշին չուանով ջրհոր իջնել չըլլար: 

 

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

 

Հրայր Տաղլեան

Հրայր Տաղլեան

Ծնած է Պէյրութ-Լիբանան, 8 Փետրուար 1992-ին: Ա...