image

Նուրիձա Մարգարեանի ձեռքի ասեղնագործ աշխատանքները՝ նուիրաբերութիւն Հայաստանին

 Նուրիձա Մարգարեանի ձեռքի ասեղնագործ  աշխատանքները՝ նուիրաբերութիւն Հայաստանին

Ընկերուհի Վարսենիկ Մկրտիչեան իր մօր՝ ընկհ. Նուրիձա Մարգարեանի ձեռքի ասեղնագործ  աշխատանքները (սփռոց եւ բարձի երիզներ) նուիրաբերեց Հայաստանի Շրջ. Վարչութեան «ՀՕՄ Արուեստի» կեդրոնին, կը տեղեկանանք կեդրոնէն։

Նուէրները պատկառելի տեղը գրաւեցին կեդրոնի թանգարանային բաժնի ցուցափեղկին մէջ։

Ընկհ. Նուրիձան ծնած է 1920-ին՝ Ալեքսանդրետի Ղրխան գաւառը,  ամուսնացած եւ երկար տարիներ ապրած է Լիբանան, ապա 1969-ին  ամուսինին ու երեք զաւակներուն հետ կը տեղափոխուի Աւստրալիա։ Ան միշտ եղած է անշահախնդիր ՀՕՄ-ուհի,  25 տարուայ ծառայութեան համար 1972  թուականին,  Լիբանանի Շրջ. Վարչութեան կողմէ պարգեւատրուած է Տիար Կարօ Սասունիի ձեռամբ, ինչպէս նաեւ 1982 թ.-ին՝ Ավստրալիոյ մէջ։

Սոյն սփռոցն ու ժանեակի գործերը, որպէս իր մօրմէն յիշատակ, ընկհ. Վարսենիկը պահած էր իր մօտ երկար տարիներ։ 

Սփռոցի կարատեսակը Այնթապի ասեղնագործութեան  մէջ յաճախ կիրառուած  կարատեսակն է՝ աշխատցուած բարձր որակի բամպակեայ կտորի վրայ։