image

Նուիրեալներու օրը...

Նուիրեալներու օրը...

ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի ընտանիքը կը պատրաստուի յաւուր պատշաճի նշել կուսակցութեան տարեդարձը։ 

 Հայաստանի, Արցախի ու նաեւ Լիբանանի մէջ ստեղծուած ծանր պայմաններու լոյսին տակ այս տարուան տօնախմբութեամբ՝կուսակցութիւնը պիտի նշէ իր հիմնադրութեան 131-րդ տարեդարձը։

 Տարեդարձ, որ գօտեպնդման, ուժերու լարումի եւ առկայ իրավիճակներուն մէջ ճիշդ որոշումներ կայացնելու ու այդ հաւատամքով ալ գործելու յարմարագոյն առիթ է։

Ու բնաւ ալ պատահական չէ, որ այս տարուան տօնին ընդառաջ ՀՅԴ-ի Լիբանանի գերագոյն մարմինը՝ Կեդրոնական Կոմիտէն նպատակայարմար համարած է այս տարուան հիմնական բնաբանը դարձնել վերյիշում մը, այն բոլոր նահատակներուն, որոնք իրենց արիւնով ու կեանքով օրինակ դարձան հազարաւորներու։

 Լիբանանի պատմութիւնը շատ լաւ գիտենք, գիտենք նաեւ, որ սփիւռքով մէկ իր ուրոյն դերն ու տեղը ունեցող այդ գաղութը անցաւ դժուարին ճանապարհներէ։

 Անվտանգութեան խնդիրներէն, մինչեւ ընկերային տագնապներ, կրթութեան հիմնահարցերէն մինչեւ առողջապահական ոլորտ լիբանանահայութիւնը շնորհիւ իր կազմակերպուած կառոյցներուն կարողացաւ թօթափել երկար տարիներ տեւած քաղաքացիական պատերազմի ամբողջ դժնդակութիւնը եւ այսօր ալ կը շարունակէ իր երթն ու պայքարը հակառակ առկայ տնտեսական ծանրակշիռ տագնապներուն։

 Սակայն այդ հաւաքական կամքին կողքին, այդ միասնական ճիգերուն մէջ ամենապայծառ եւ ամենալուսաւոր դէմքերը եղան անոնք, որոնք իրենց կեանքերը զոհեցին յանուն լիբանանահայութեան հաւաքական եսին, ու ամբողջական անվտանգութեան։

Այդ բոլորը հաշուի առնելով է նաեւ, որ Դաշնակցութիւնը տէր կը դառնայ իր նահատակներուն։

 Կը յիշատակէ այդ հերոս տղաքն ու աղջիկները, որոնք ոչ մէկ առիթի փառք ու պատիւ փնտռեցին։

 Կ՚ապրեցնէ անոնց յիշատակը եւ սերունդներուն կը փոխանցէ անոնց մեծ աւանդը։

 Եւ ի վերջոյ կը պատուէ այդ նահատակները լոյս աշխարհ բերած, զանոնք դաստիարակած ու հայ ժողովուրդի ծառայութեան յանձնած ծնողներն ու հարազատները։Նահատակներու կուսակցութիւն եւ գործի կուսակցութիւն անուանումները արդարօրէն վաստակած կուսակցութիւնը, այսօր եւս կը քալէ նոյն ճանապարհով։ 

Նոյն նուիրումի ոգիով ու ամենակարեւորը հայ ժողովուրդին ծառայելու նոյն վճռակամութեամբ։

 

 «Ա»

Յ.Գ. Ուշագրաւ նախաձեռնութեամբ մը ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Քարոզչական Մարմինը հրապարակած է կարճ տեսանիւթ, որուն միջոցաւ ալ հանրութեան կը ներկայացնէ մարմնի անդամներուն այցը՝ Լիբանանի մէջ տարբեր փուլերու ինկած հայ նահատակներուն ծնողներուն ու հարազատներուն։ 

 Այցը, եւ միջոցառման հրաւէրը ու կուսակցութեան տարեդարձը նշելու առիթը նպատակ ունին անգամ մը եւս ապրեցնել ու գօտեպնդուիլ այդ հերոս տղոց յիշատակով ու աւանդով։ 

 Տեսանիւթը՝ ստորեւ