image

Ռուսիան հարուածած է Քիեւը. Կան տասնեակ զոհեր

Ռուսիան հարուածած  է Քիեւը. Կան տասնեակ զոհեր

Ռուսական զօրքերը գիշերով հարուածած են Քիեւը՝ օգտագործելով 175 անօդաչու թռչող սարք եւ աւելի քան 15 թեւաւոր հրթիռ, որոնցմէ առնուազն երկուքը՝ պալիսթիք, յայտարարած է Քիեւի քաղաքային զինուորական վարչութեան ղեկավար Թիմուր Թքաչենքոն։

«Այս գիշեր Քիեւի մէջ եւ անոր արուարձաններէն ներս թշնամին օգտագործած է 175 անօդաչու թռչող սարք, աւելի քան 14 թեւաւոր հրթիռ եւ առնուազն երկու պալիսթիք հրթիռ», — գրած է ան։

Ընդհանուր առմամբ, Քիեւի 27 վայր ռուսական հարուածի տակ գտնուած է, որոնց հետեւանքով 14 անձ զոհուած է եւ 44 անձ՝ վիրաւորուած։

Թքաչենքոյի համաձայն՝ թիրախ եղած են բնակելի շէնքեր։ Հրթիռները խոցած են վերի յարկերէն մինչեւ նկուղներ։