image

Անթիլիաս. Տեղի ունեցած է «Պէզիքեան» կեդրոնի հիմնարկէքը 

Անթիլիաս. Տեղի ունեցած է «Պէզիքեան» կեդրոնի հիմնարկէքը 

Պէյրութի մէջ, օրերս, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ հիմնարկէքը կատարուած է «Պէզիքեան» կեդրոնին, նախագահութեամբ եւ օրհնութեամբ՝ Արամ Ա. Կաթողիկոսի 

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Պէյրութի մեր պաշտօնակից՝ «Ազդակ»էն։

Ստորեւ՝ թղթակցութիւնը ամբողջութեամբ։

Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, անցնող օրերուն, 10-13 յունիս 2025-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու կայացած նիստերու շրջագիծին մէջ, երէկ` ուրբաթ, 13 յունիսին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի նախագահութեամբ ու օրհնութեամբ կատարուեցաւ հիմնարկէքը «Պէզիքեան» կեդրոնին: Արարողութեան ներկայ էին յիշեալ կեդրոնի բարերար ընտանիքի անդամներ Ալեքքօ Պէզիքեան, իր զաւակը` Զարեհ եւ թոռը` Անի Պէզիքեաններ, ինչպէս նաեւ Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու անդամները, թեմակալ առաջնորդները եւ թեմերու ազգային վարչութեանց ներկայացուցիչները:

Այս առիթով արտասանած հայրապետական իր օրհնութեան խօսքին մէջ վեհափառ հայրապետը յիշեց, որ Պէզիքեան ընտանիքը` Ալեքքոն ու իր տիկինը` Անին, կիլիկեան Սուրբ աթոռին մեծագոյն բարերարներէն եղած են, եւ այսօր անոնց զաւակը` Զարեհը, նոյն ոգիով կը շարունակէ` հետեւելով իր ծնողքին օրինակին: Հանգուցեալ Անին մնայուն ներկայութիւն եւ մղիչ ուժ եղած է այս ընտանիքին կատարած բոլոր բարերարութիւններուն: Ալեքքոն հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հաւատարիմ բարեկամներէն մէկը եղած է եւ է:

Նշենք, որ «Պէզիքեան» կեդրոնը պիտի ներառէ հանդիսասրահ, բազմանպատակ սրահ, համագումարներու ու ժողովական հանդիպումներու յատուկ սրահներ, հիւրասենեակներ եւ յարակից այլ կարելիութիւններ` ներկայ ճարտարագիտական առաւելութիւններով օժտուած: