Վեհափառը Փաշինեանը դատի տալու մտադրութիւն չունի։ Լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Արշակ արքեպիսկոպոս Խաչատրեանը․
«Վեհափառն այդպիսի մօտեցումներ չունի։ Նա դատի չի տալու, եւ, առհասարակ, եկեղեցին նման մօտեցումները չի ողջունում»,- նշած է ան։
Սրբազանի խօսքով, եկեղեցւոյ նկատմամբ իշխանութեան ոտնձգութիւնը, հակաեկեղեցական արշաւն առաջին անգամը չէ․ «Առողջ բանավէճի հնարաւորութիւնը սպառած է, կարծում եմ՝ խիստ անհրաժեշտ ու գնահատելի է, որ իրաւաբաններն այդ բոլոր գործողութիւններին իրաւական գնահատական տան։
Մենք էլ, որպէս սովորական մարդիկ, այդ գործողութիւնները գնահատում ենք պարզապէս յանցաւոր, սանձարձակ, հանրութեանը պառակտող, մարդկանց համբաւի, հեղինակութեան նկատմամբ ոտնձգութիւն կատարող»։