Լոս Անճըլըսի Պոլսահայոց Միութեան համակարգող Յովհաննէս Գուլաք կը գրէ ՝
Ինչպէս եղաւ,յանկարծակի ԿՈՐՍՆՑՈՒՑԻՆՔ մեր սիրելի ընկեր ԱՐԱ Ահարոնեանը, կատարելիք ահագին գործ ունէր... Արա Ահարոնեանը ազգային պարտականութեան տէր, կուսակցական գործիչ էր։
Ան յաճախ ՌԱԿ դարաւոր կուսակցութեան ռահվիրաներուն մասին նիւթեր կը պատրաստէր նպատակ ունենալով նոր սերունդը այդ մեծ գործիչներուն ծանօթացնել ու դաստիարակել։
Մեծ կորուստ, թէ ազգին և թէ մարդկութեան։Աստուած հոգին ԼՈՒՍԱՒՈՐԷ , յիշատակն արդարոց,օրհնութեամբ եղիցի։