Վարդգէս Մահտեսեան՝ Վերստին Կիպրահայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչ
Օրերս Նիկոսիոյ մէջ Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Յանձնակատարին կողմէ Վարդգէս Մահտեսեան պաշտօնապէս հռչակուեցաւ Կիպրահայ համայնքի Պետական Ներկայացուցիչ՝ Ներկայացուցչական Տան 2026-2031 նստաշրջանին համար։ Մահտեսեան առաջադրուած էր իբրեւ միակ թեկնածու եւ, հետեւաբար, ընտրուեցաւ առանց մրցակիցի։
Այս զարգացումը կը յաջորդէ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ Կիպրահայ համայնքը, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս սփիւռքեան կեանքը, կը դիմագրաւեն ներքին տարակարծութիւններ, բաժանումներ եւ կազմակերպչական մարտահրաւէրներ։ Այդ պայմաններուն մէջ, երկարամեայ փորձառութիւն ունեցող ղեկավարներու ներկայութիւնը շատերու կողմէ կը նկատուի կարեւոր գործօն՝ համայնքային կայունութեան եւ համախմբման համար։
Վարդգէս Մահտեսեան, որ վերջին երկու տասնամեակներուն Կիպրոսի խորհրդարանին մէջ ներկայացուցած է հայ համայնքը, կը շարունակէ վայելել թէ՛ Կիպրոսի քաղաքական շրջանակներու, թէ՛ տեղի հայկական համայնքի զգալի աջակցութիւնը։ Ան տարիներ շարունակ ներգրաւուած եղած է համայնքային, ազգային եւ քաղաքական աշխատանքներու մէջ՝ յատկապէս Կիպրոսի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան, գաղութի կարիքներուն արձագանգելու եւ Հայաստան-Կիպրոս յարաբերութիւններու ամրապնդման ուղղութեամբ։
Թեմային անդրադարձած է նաեւ լրագրող Սագօ Արեան, որ իր հրապարակած գրութեան մէջ Մահտեսեանը բնորոշած է որպէս «միասնութեան եւ հաւաքական աշխատանքի գաղափարին ծառայող կերպար»։ Ան ընդգծած է, որ դժուարին ժամանակներուն Մահտեսեան ջանք տարած է կղզիի հայկական համայնքը միասնական պահելու եւ ծառայելու իր «զոյգ հայրենիքներուն»՝ Կիպրոսին ու Հայաստանին։
Արեան նաեւ նշած է, թէ Մահտեսեանի թեկնածութիւնը սպասելի քայլ մըն էր՝ նկատի ունենալով անոր երկարամեայ գործունէութիւնը եւ համայնքային ներգրաւուածութիւնը։ Ըստ անոր, Մահտեսեան իր քաղաքական գործունէութիւնը կառուցած է ոչ միայն Կիպրոսի պետական շահերուն, այլ նաեւ կղզիի հայութեան մեծամասնութեան ակնկալութիւններուն համապատասխան։
Յիշեցնենք, որ ամիսներ առաջ «Արեւելք» լրատուականը նոյն թեմային վերաբերեալ հրապարակումով անդրադարձած էր Մահտեսեանի գործունէութեան, ինչ որ տեղիք տուած էր տարբեր եւ երբեմն սուր մեկնաբանութիւններու։
Այսուհանդերձ, ներկայ զարգացումը կը փաստէ, որ Վարդգէս Մահտեսեան կը շարունակէ մնալ Կիպրահայ համայնքի քաղաքական կեանքին առանցքային դէմքերէն մէկը՝ նոր հնգամեայ շրջանի մը համար։