image
Հրատապ լուրեր:

Իսրայէլ յարձակած է Լիբանանի հարաւը եւ Արեւմտեան Պեքաայի մէջ գտնուող «Հըզպալլա»ի յենակէտերու վրայ

Իսրայէլ յարձակած է Լիբանանի հարաւը եւ Արեւմտեան Պեքաայի մէջ գտնուող «Հըզպալլա»ի յենակէտերու վրայ

Իսրայէլեան օդուժի կործանիչները առաւօտէն ի վեր 13 յարձակում իրականացուցած են «Հըզպալլա»-ի ռազմական կեդրոններուն դէմ՝ Լիբանանի հարաւը գտնուող Նապաթիա նահանգին եւ Արեւմտեան Պեքաայի շրջանին մէջ։ Այս մասին կը հաղորդէ «Al Jazeera» հեռուստակայանը։

Անոր տեղեկութիւններով՝ ռմբակոծման ենթարկուած են «Հըզպալլա»-ի ջոկատներու յենակէտերը Սիրպին, Թոուլա եւ Էպպա շրջաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ հոն գտնուող ստորգետնեայ կառոյցներն ու պահեստները։ Այնտեղէն տեղեկութիւններ ստացուած են ուժեղ աւերածութիւններու եւ խաղաղ բնակիչներու շարքէն տուժածներու մասին, որոնց թիւը տակաւին կը ճշդուի։

Աւելի վաղ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի ներկայացուցիչ Աւիխայ Էտրին տեղւոյն բնակչութենէն պահանջած էր շտապ տարհանուիլ վտանգաւոր գօտիէն՝ նախքան օդային հարուածները։ Ան Արապ-Սելիմ, Ճարտժուա, Ժումէյժմա, Քլէյա, Քֆար-Ռումման, Մաշկարա, Նումէյրիա, Ռէյհան եւ Հարրուֆ բնակավայրերու բնակիչներուն խորհուրդ տուած էր «անմիջապէս լքել իրենց տուները եւ առնուազն մէկ քիլոմեթր հեռանալ այն շրջաններէն, որոնց պիտի հասցուին հարուածները»։

 

Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներով՝ Մայիս 10-ին Լիբանանի մէջ իսրայէլեան օդուժի յարձակումներուն եւ հրետանային հարուածներուն հետեւանքով աւելի քան 50 մարդ զոհուած է, իսկ 107-ը՝ վիրաւորուած։