image
Հրատապ լուրեր:

«Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնը քարոզարշաւի չորրորդ օրը անցուցած է Արագածոտնի մարզի մէջ

«Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնը քարոզարշաւի չորրորդ օրը անցուցած է Արագածոտնի մարզի մէջ

«Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնը մայիս 11-ին քարոզարշաւ իրականացուցած է Արագածոտնի մարզին մէջ։

Կուսակցութեան ներկայացուցիչները եղած են Արագածի, Ապարանի, Ոսկեհատի, Ոսկեվազի, Օշականի մէջ, ապա 18։00-ին համակիրներու հետ պիտի հանդիպին Աշտարակի հրապարակին մէջ։

Կուսակցութեան նախագահ Արամ Սարգսեանի խօսքով՝ «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնը միւս ուժերէն կը տարբերի անով, որ ունի անցեալ եւ անցած է Հայաստանի երրորդ Հանրապետութեան կերտման ողջ ճանապարհով։

«Մենք ունենք նպատակներ ու իղձեր։ Մենք առաջարկում ենք յաղթանակ առանց պատերազմի՝ գիտելիքի, աշխատանքի, հայ մարդու նուիրուածութեան վրայ յենուելով»,-նշած է Սարգսեանը։

Ան կարեւոր համարած է Հայաստանի մէջ ջրամբարներու կառուցման հարցը, քանի որ յունիս ամիսէն արդէն գիւղացին ջուրի խնդիր կ՚ունենայ, իսկ այդ խնդրի լուծումը կուսակցութիւնը կը տեսնէ 14 ջրամբարի կառուցման մէջ։

«Հանրապետութիւն» կուսակցութեան առաջնահերթ ծրագիրներէն է նաեւ հանքարդիւնաբերութեան զարգացումը։

«Եթէ ուզում էք, որ Հայաստանում հանքարդիւնաբերութիւնը վերածուի լեռնամետալուրգիայի, որ պղնձէ խտանիւթից ստանանք խողովակ ու հաղորդալար, ելեկտրոնիկայի ապրանքներ, ձեր քուէն մեզ տուէք»,-համակիրներու հետ հանդիպման նշած է Արամ Սարգսեանը։

«Հանրապետութիւն» կուսակցութեան քուէաթերթիկի համարը 11-ն է։ Կուսակցութեան վարչապետի թեկնածուն Արամ Սարգսեանն է։

«Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնն ընտրութիւններուն կը մասնակցի «Քեզ համար Հայաստան, քեզ համար» կարգախօսով։ Կուսակցութիւնը Կեդրոնական ընտրական յանձնաժող ներկայացուցած է 90 թեկնածուէ բաղկացած ցուցակ։

Կուսակցութեան նախընտրական ծրագրին կրնաք ծանօթանալ հետեւեալ յղմամբ։

Մայիս 8-ին մեկնարկած է Հայաստանի մէջ յունիս 7-ին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններու նախընտրական քարոզարշաւը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ յունիս 5-ը։ Ընտրութիւններուն մասնակցելու համար գրանցուած է 19 քաղաքական ուժ՝ 2 դաշինք եւ 17 կուսակցութիւն։