image

Նորընտիր խորհրդարանին մէջ «Իմ քայլը» դաշինքը կ'ունենայ 88, ԲՀԿ-ն՝ 26, ԼՀԿ-ն՝ 18 մանտաթ

Նորընտիր խորհրդարանին մէջ «Իմ քայլը» դաշինքը կ'ունենայ 88, ԲՀԿ-ն՝ 26, ԼՀԿ-ն՝ 18 մանտաթ

«Իմ քայլը» դաշինքը Ազգային ժողովի 9 դեկտեմբերին կայացած արտահերթ ընտրութիւններու արդիւնքով կը ստանայ պատգամաւորի 88 մանտաթ, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը՝ 26, եւ «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնը՝ 18 մանտաթ։ «Իմ քայլ»ի չորս մանտաթը կը ստանայ Հայաստանի եզիտի, ռուս, ասուրի եւ քիւրտ ազգային փոքրամասնութիւններու 1-ական ներկայացուցիչ։ Համապատասխան որոշումը հաստատուած է ՀՀ կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի 16 դեկտեմբերի նիստին։ Ընդ որում, «Իմ քայլ»ի 42-ական պատգամաւոր ընտրուած են համապետական եւ տարածքային ընտրական ցուցակներով, ԲՀԿ-ի պարագային՝ 13-ական, եւ ԼՀԿ-ի պարագային՝ 9-ական։

Ինչպէս «Արմէնբրես»-ը տեղեկացած է ՀՀ ԿԸՅ պաշտօնական կայքէն, մէկ այլ որոշմամբ յանձնաժողովը որոշում ընդունած է վերոնշեալ ընտրութիւններու արդիւնքներու վերաբերեալ՝ նշելով, որ «Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի 2018 թուականի 9 դեկտեմբերին կայացած արտահերթ ընտրութիւններու նախապատրաստման եւ քուէարկութեան ընթացքին տեղի չեն ունեցած Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրական օրէնսգիրքի այնպիսի խախտումներ, որոնք կրնային ազդել ընտրութեան արդիւնքի վրայ»։