image

Նորվեկիան «Սեւ ցուցակ»ի մէջ առաւ AstraZeneca պատուաստը

Նորվեկիան «Սեւ ցուցակ»ի մէջ առաւ AstraZeneca պատուաստը

 

Նորվեկիոյ իշխանութիւնները AstraZeneca պատուաստանիւթը վերջնականապէս հանած են Covid-19-ի դէմ պատուաստումներու ծրագրէն: Այս մասին գրած է RT-ն:

 

The Local-ի հաղորդմամբ՝ տեղեկութիւնը յայտնած է Նորվեկիոյ վարչապետ Էռնա Սոլպըրկը:

AstraZeneca-ի օգտագործումը Նորվեկիոյ մէջ դադրեցուած է 11 մարտէն՝ պատուաստանիւթի կողմնակի ազդեցութիւններու կասկածներու պատճառով:

Կը նախատեսուի այս դեղամիջոցի չափաբաժինները փոխանցել այլ երկիրներ:

10 Մայիսին Նորվեկիոյ կառավարութեան AstraZeneca եւ Johnson & Johnson պատուաստանիւթերու օգտագործումէն հրաժարիլ առաջարկած էր փորձագիտական խումբը:

J&J պատուաստանիւթի օգտագործումը Նորվեկիոյ մէջ նոյնպէս կասեցուած է, սակայն քաղաքացիները հնարաւորութիւն ունին կամաւոր հիմունքներով այս դեղամիջոցէն ներարկում ստանալ: