image

Քիմ Եոնկ Ընը ներառուած է ուքրանական «սեւ ցուցակ»ին մէջ

Քիմ Եոնկ Ընը ներառուած է ուքրանական «սեւ ցուցակ»ին մէջ

Հիւսիսային Քորէայի առաջնորդ Քիմ Եոնկ Ընը ներառուած է ուքրանական «Խաղաղարար» միջոցի տուեալներու շտեմարանին մէջ, յայտնած է kommersant.ru-ն։

Հիւսիսային Քորէայի առաջնորդը տուեալներու շտեմարանին մէջ ընդգրկելու պատճառներն են՝ «ռուս պատերազմական յանցագործներուն» օգնութիւնը, Ուքրանիոյ դէմ «ռուսական ռազմական յարձակումի» ապահովումը, միջուկային սպառնալիքը, անօրինական հրթիռային եւ միջուկային ծրագրերու իրականացումը, «սայպըր» յանցագործութիւնները։

«Խաղաղարարը» ստեղծուած է 2014 թուականի օգոստոսին` Ուքրանիոյ այն ժամանակուան ներքին գործոց նախարարի անկախ խորհրդական Անթոն Կերաշչենքոյի նախաձեռնութեամբ։ Տուեալներու շտեմարանի կայքին մէջ ըսուած է, որ «Խաղաղարար»ը «Ուքրանիոյ ազգային անվտանգութեան, խաղաղութեան եւ քաղաքացիներու անվտանգութեան հիմունքներու դէմ ուղղուած յանցագործութիւններու ուսումնասիրութեան կեդրոնի առցանց ներկայացուցչութիւնն է»։

Նախօրէին հաղորդուած էր, որ Արցախի նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանն ընդգրկուած է «ռուսական յարձակման» մեղսակիցներու «Խաղաղարար» ուքրանական շտեմարանի ցուցակին մէջ։  Որպէս պատճառ նշուած է, որ Յարութիւնեանը ողջունած է Տոնեցքի եւ Լուկանսքի հանրապետութիւններու ինքնահռչակման որոշումը: