image

Ըստ Պենեթի՝ Իրանի «Յեղափոխութեան պահակներ»ը պիտի շարունակեն մնալ ամերիկեան «Սեւ ցուցակ»ին մէջ

Ըստ Պենեթի՝ Իրանի «Յեղափոխութեան պահակներ»ը պիտի շարունակեն մնալ  ամերիկեան «Սեւ ցուցակ»ին մէջ

Իսրայէլի վարչապետ Նաֆթալի Պենեթ ըսաւ, որ ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն անցեալ ամիս իրեն յայտնած է, որ Իրանի «Յեղափոխութեան պահակներ»ը «պիտի մնան ԱՄՆ-ի «սեւ ցուցակ»ին մէջ»:

Պենեթ շնորհակալութիւն յայտնած է Պայտընին՝ այս որոշման համար: «Ես կ'ողջունեմ ԱՄՆ-ի վարչակազմին որոշումը` Իրանի «Յեղափոխութեան պահակներ»ը պահել օտարերկրեայ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցուցակին մէջ», ըսած է ան:

Ըստ Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբերին, «նախագահը կ'ընէ այն, ինչ կը բխի Ամերիկայի ազգային անվտանգութէան շահերէն»:

Հակառակ որոշակի յառաջընթացի վերաբերեալ նախկին նշաններուն, Իրանի միջուկային համաձայնագրի վերականգնման ուղղուած անուղղակի բանակցութիւնները ամիսներէ ի վեր կը մնան փակուղի մէջ:

Վերջին հիմնական վիճելի կէտերէն մէկը Թեհրանի խնդրանքն էր, որ ԱՄՆ-ն հանէ «Յեղափոխութեան պահակներ»ը օտարերկրեայ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցուցակէն: