image
Հրատապ լուրեր:

Նոր Տեղեկութիւններ Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մասին (Լուսանկարներ)

Նոր  Տեղեկութիւններ Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մասին (Լուսանկարներ)

Սուրիա-    Հալէպահութեան համար    պատմական եւ ոգեղէն արժէք ունեցող Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցին, հակառակ ծանր աւերածութեան,  կը շարունակէ մնալ կանգուն: «Արեւելք» այս մասին տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր  աղբիւրներէն: Մեր աղբիւրը նաեւ  յայտնեց, որ  ներկայ պահու դրութեամբ  եկեղեցիի  շրջակայքը կարելի է հասնիլ   Սահաթ Ֆարհաթ  շրջանէն,    կամ ինչպէս հալէպցիներուն  համար ընդունուած է ըսել   եկեղեցւոյ հոգետունէն:  Կը հաղորդուի նաեւ, որ   դէպի եկեղեցի տանող գլխաւոր  Սապըհ  Պահրաթի ճամբան կը շարունակէ մնալ փակ: Մեր աղբիւրը նաեւ  մտահոգութիւն յայտնեց, որ    ընդդիմադիր զինեալներու  կողմէ եկեղեցիին ուղղութեամբ արձակուած  պայթուցիհկ տակառները մեծ աւերածութիւն  գործած են  եւ աւերակուած   բաժինները կլիմայական պայմաններու բերումով ամէն օր   յաւելեալ մաշումի  կ'ենթարկուին:    15-րդ  դարուն հիմնադրուած Հայ   Առաքելական Սրբոց Քառասնից Մանկանց  եկեղեցին   սուրիահայութեան ու յատկապէս հալէպահութեան համար ազգային, ոգեղէն եւ մշակութային   խորհրդանիշ է, որուն պահպանումը        էական խորհուրդ  կը ներկայացնէ ցանկացած հայու համար:  Լուսանկարները   մեզի տրամադրուեցան  «Արեւելք»ի   Հալէպի մեր աղբիւրներուն կողմէ: