Սուրիա- Հալէպահութեան համար պատմական եւ ոգեղէն արժէք ունեցող Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցին, հակառակ ծանր աւերածութեան, կը շարունակէ մնալ կանգուն: «Արեւելք» այս մասին տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրներէն: Մեր աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ ներկայ պահու դրութեամբ եկեղեցիի շրջակայքը կարելի է հասնիլ Սահաթ Ֆարհաթ շրջանէն, կամ ինչպէս հալէպցիներուն համար ընդունուած է ըսել եկեղեցւոյ հոգետունէն: Կը հաղորդուի նաեւ, որ դէպի եկեղեցի տանող գլխաւոր Սապըհ Պահրաթի ճամբան կը շարունակէ մնալ փակ: Մեր աղբիւրը նաեւ մտահոգութիւն յայտնեց, որ ընդդիմադիր զինեալներու կողմէ եկեղեցիին ուղղութեամբ արձակուած պայթուցիհկ տակառները մեծ աւերածութիւն գործած են եւ աւերակուած բաժինները կլիմայական պայմաններու բերումով ամէն օր յաւելեալ մաշումի կ'ենթարկուին: 15-րդ դարուն հիմնադրուած Հայ Առաքելական Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցին սուրիահայութեան ու յատկապէս հալէպահութեան համար ազգային, ոգեղէն եւ մշակութային խորհրդանիշ է, որուն պահպանումը էական խորհուրդ կը ներկայացնէ ցանկացած հայու համար: Լուսանկարները մեզի տրամադրուեցան «Արեւելք»ի Հալէպի մեր աղբիւրներուն կողմէ: