image

Նաւալնիի դէմ բանտարկութեան վճիռ եւ ... բողոքի ցոյցեր

Նաւալնիի դէմ բանտարկութեան վճիռ եւ ... բողոքի ցոյցեր

 

Ռուս ընդդիմադիր գործիչ Ալեքսէյ Նաւալնին ազատազրկելու վերաբերեալ դատարանի որոշումէն ետք Մոսկուայի կեդրոնին մէջ անոր աջակիցները տարբեր փողոցներ փակած են ու փորձած կաթուածահար ընել երթեւեկութիւնը, կը յայտնէ ТАСС-ը:
 РБК հեռուստաալիքի հաղորդմամբ՝ ոստիկանութիւնը Ռուսասատնի մայրաքաղաքի կեդրոնական հատուածներուն մէջ բողոքի ցոյցեր իրականացնող քաղաքացիներ ձերբակալած են:

Ձերբակալութիւնները սկսած են Քրեմլի մօտակայքէն: Ոստիկանութեան հրահանգով փակուած են Մոսկուայի մեթրոփոլիթէնի «Յեղափոխութեան հրապարակ», «Ալեքսանդրովեան այգի», «Թատերական» եւ շարք մը այլ կայարաններ: Ուժայինները փակած են նաեւ «Охотный Ряд» անուամբ առեւտուրի կեդրոնի մուտքը:

Ցուցարարներ ձերբակալուած են նաեւ Մոսկուայի շարք մը այլ փողոցներու մէջ: