image

Զելենսքին մտահոգ է Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու մեղմացումէն

Զելենսքին մտահոգ է Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու մեղմացումէն

Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսին յայտարարած է, որ ռուսական նաւթի դէմ ԱՄՆ պատժամիջոցներու մեղմացումէն Ռուսիան կրնայ ստանալ մինչեւ 10 միլիառ տոլարի օգուտ, որ հետագային պիտի ծախսուի պատերազմի վրայ։

Զելենսքին ընդգծած է, որ պատժամիջոցներն «յարձակողի վրայ ճնշման գործիք են», եւ սահմանափակումներու մեղմացումը կ՚ամրապնդէ Ռուսիոյ ռազմական կարողութիւնները, այդ շարքին՝ Ուքրանիոյ եւ միւս երկիրներու դէմ անօդաչու թռչող սարքերու մատակարարումը։ Ան նաեւ կոչ ըրած է Եւրոմիութեան առաջ մղելու 20-րդ պատժամիջոցներու փաթեթը եւ նշած Ֆրանսայի հետ համատեղ պաշտպանութեան համակարգման կարեւորութիւնը, այդ շարքին՝ օդային պաշտպանութիւնը, մարտական ​​օդագնացութիւնը եւ SAFE ծրագիրը։

Նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է Ֆրանսային՝ Ուքրանիոյ ցուցաբերած աջակցութեան համար եւ ընդգծած է Ռուսիոյ վրայ ճնշումը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը՝ երկարաժամկէտ անվտանգութեան եւ խաղաղութեան հասնելու համար։