Իրան ամբողջովին պարտուած է եւ գործարք կը փնտռէ, սակայն ոչ այնպիսի գործարք, զոր ես պիտի ընդունէի, գրած է Թրամփ իր Truth Social-ի էջին վրայ։
Թրամփ մասնաւորաբար նշած է, որ ամերիկեան զինուժը լուրջ յաջողութիւններ արձանագրած է, սակայն լրատուամիջոցները դիտումնաւոր կերպով կը լռեն այդ մասին։
«Կեղծ լուրեր տարածող լրատուամիջոցները կ՚ատեն զեկուցել այն մասին, թէ որքան լաւ գործած է Միացեալ Նահանգներու զինուժը Իրանի դէմ, որ ամբողջովին պարտուած է եւ գործարք կը փնտռէ, սակայն ոչ այնպիսի գործարք, զոր ես պիտի ընդունէի»,– գրած է ան։