image

Լրատուամիջոցներ․ յարձակում՝ Իրաքի մէջ ԱՄՆ դեսպանատան վրայ

Լրատուամիջոցներ․ յարձակում՝ Իրաքի մէջ ԱՄՆ դեսպանատան վրայ

Իրաքի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան տարածքը մարտ 14-ին ենթադրաբար հրթիռակոծուած է։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին կը յայտնէ Al Jazeera-ն։

«Պաղտատի մէջ ԱՄՆ դեսպանատան ուղղաթիռային հրապարակը խոցուած է հրթիռով»,– կը հաղորդէ հեռուստակայանը՝ յղում կատարելով իրաքցի պաշտօնեաներուն։

Լրատուամիջոցը կը յայտնէ, որ գրոհի հետեւանքով հնարաւոր զոհերու կամ աւերածութիւններու մասին տուեալներ դեռ հասանելի չեն։ Յստակ է միայն, որ դեսպանատան տարածքէն ծուխ կը բարձրանայ։

Միեւնոյն ժամանակ Մերձաւոր Արեւելքի որոշ լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ դեսպանատունը կրնար յարձակման ենթարկուած ըլլալ անօդաչու թռչող սարքի միջոցով։