Մենք մեծ զգուշութեամբ կը գործենք մեր երկիրը պատերազմի մէջ ներքաշելուն ուղղուած թակարդներու եւ սադրանքներու դէմ, այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Էրտողանը։
Ան նշած է, որ Անգարան պատրաստ է արձագանգելու իր հասցէին ուղղուած բոլոր սպառնալիքներուն եւ կը ձեռնարկէ անհրաժեշտ միջոցներ, որ չներքաշուի Իրանի շուրջ ծաւալող հակամարտութեան մէջ։
«Մենք կը ձեռնարկենք անվտանգութեան անհրաժեշտ միջոցներ`մեր օդային տարածքի խախտման որեւէ սպառնալիքի պարագային, ինչպէս տեղի ունեցաւ նախօրէին երեկոյեան»,- ըսած է Թուրքիոյ նախագահը՝ անդրադառնալով Իրանի տարածքէն արձակուած եւ Թուրքիոյ երկինքին մէջ խոցուած հրթիռի միջադէպին։
Ան աւելցուցած է, որ Անգարան կ՚ուսումնասիրէ իրավիճակի զարգացման բոլոր հնարաւոր սենարները եւ մանրամասն կը վերլուծէ իրադարձութիւնները։
«Մեր ջանքերը կեդրոնացած են ոչ միայն տեսանելի զարգացումներու, այլ նաեւ քուլիսներու մէջ տեղի ունեցող գործընթացներու վրայ։ Մենք որեւէ սենար չենք բացառեր եւ ամէն ինչ մանրամասն կ՚ուսումնասիրենք։ Միաժամանակ, երկրի անվտանգութեան ամրապնդման զուգահեռ, երկխօսութեան եւ դիւանագիտութեան միջոցով կը փորձենք թոյլ չտալ, որ հակամարտութիւնը տարածուի մեր տարածաշրջան»,-ըսած է Էրտողանը։