image

Նախարար Սուրէն Կարայեանի Պէյրութ այցը աւարտած է մեծ յաջողութեամբ

Նախարար Սուրէն Կարայեանի Պէյրութ այցը աւարտած է մեծ յաջողութեամբ

Հայաստանի Հանրապետութեան Տնտեսութեան զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Տիար Սուրէն Կարայեան օրեր առաջ կը գտնուէր Պէյրութ:Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պէյրութի  իր աղբիւրէն: Նախարարը, որուն Պէյրութ տուած այցելութիւնը առաջինն էր իր տեսակին մէջ իր պատուիրակութեամբ այցելած է Պաապտայի նախագահական պալատ եւ ընդունուած Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշէլ Աունին կողմէ:

 


  Լիբանանի պետական «Թէլէ Լիպան» հեռուսատակայանը, որ անդրադարձած է սոյն հանդիպման, նկատել տուած է, թէ «Նախագահ Աուն ընդունելով Հայաստանի Հանրապետութեան նախարար Սուրէն Կարայեանը շատ բարձր գնահատած է Լիբանան- Հայաստան յարաբերութիւնները: Նախագահը նաեւ դիտել տուած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման առընթեր կարեւոր եւ մեծ  դեր  կը կատարեն  լիբանանահայերը: Աւարտին զօր. Աուն իր  քաջալերական խօսքը  ուղղած է Լիբանանցի եւ Հայաստանի պատասխանատուներուն, յաւելեալ ճիգեր գործադրելու յանուն երկու բարեկամ երկիրներու միջեւ յարաբերութեանց զարգացման, ինչպէս նաեւ տարբեր ոլորտներու մէջ յաւելեալ գործակցութեան:

 

 

  Աւելի ուշ, նախարար Կարայեան այցելութիւն տուած է Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրիին,ուր ժամ մը տեւած հանդպման ընթացքին կողմերը քննարկած են երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու ընդհանուր կարգավիճակը եւ խօսած երկողմ յարաբերութիւններու յաւելեալ ամրապնդման եւ զարգացման հնարաւորութեանց մասին:

 

 

  Նշենք, որ այս պաշտօնական այցելութիւնը եղած է հրաւէրովը Լիբանանի պետական ծրագրաւորման նախարար Տիար Միշէլ Ֆարաոնին, որ անցեալ ապրիլին կը գտնուէր Երեւան:

 

 

  Նախարարի այցելութեան ծիրէն ներս տեղի ունեցած է մամլոյ ասուլիս, որուն ընթացքին խօսքերով հանդէս եկած են նախարարներ՝ Ֆարաոն եւ Կարայեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի առեւտրականներու գրասենակի նախագահ Տիար Մոհամատ Շուքէյր ու Հայաստանի առեւտրականներու գրասենեակի նախագահ Տիար Մարթին Սարգսեան: Ասուլիսի ընթացքին յայտարարուած է,որ յետ այսու  Պէյրութի մէջ պիտի գործէ Հայաստանի Առեւտրականներու գրասենեակը, որուն նպատակը պիտի ըլլայ երկու երկիրներու միջեւ տնտեսական կապերու աշխուժացումն ու զարգացումը:  

 

 

  Յիշեցնենք,որ Պրն. Կարայանի պատուիրակութեան մաս կազմած են «Փիւնիկ» հիմնադրամի նախագահ Տիար Լեւոն Սարգսեան, գործարար Տիար Սուրէն Վարդանեան, Հայաստանի կառավարութեան զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի պետ Զառուհի Զէյթունցեան, ինչպէս նաեւ Երեւանի առեւտուրի գրասենակի պատասխանատու անդամներ եւ տնտեսական ոլորտի գործիչներ:

 


  Այցի շրջանակներուն մէջ տեղի ունեցած է պաշտօնական ընթրիք մը, որուն ներկայ եղած է Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիար Սամուէլ Մկրտչեան, Լիբանանի թեմի բարեջան առաջնորդ Տ. Շահէ  արք. Փանոսեան, Հայ Կաթողիկէ  համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Գերպ. Գէորգ եպս. Ասատուրեան, ինչպէս նաեւ հայ եւ արաբ գործարարներ եւ  գործիչներ:

 


 

  Ընթրիքի ընթացքին ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկած են նախարարներ Կարայեան եւ Ֆարաոն: Իսկ տնտեսական մերձեցման ընդհանուր քաղաքականութեան մասին ողջոյնի խօսք արտաստանած է նախարար Միշէլ Ֆարաոնի քաղաքական գրասենակի վարիչ Տիար Սեպուհ Մխճեան, որ կարեւոր ներդրում ունեցած է Լիբանանցի նախարարի Երեւան կատարած  այցելութիւնը յաջողոցնելու,ինչպէս նաեւ նախարար Կարայեանի Պէյրութ տուած այցելութեան յաջողութեան  առընթեր: