image

Նախագահ Ասատ պիտի նախընտրէ հանդիպիլ՝ Հաքքան Ֆիտանին հետ

 Սագօ Արեան լրագրողի էջ-էն կը կարդանք՝

Սուրիա- Թուրքիա նոր մերձեցո՞ւմ 

 Վերջին օրերուն շատ աշխոյժ կերպով լրատւութիւն կը կատարուի Դամասկոս-Անգարա մերձեցման նոր փուլի մը մասին։ 

 Խօսքը ի մասնաւորի «Հմէմիմ» (ռուսներու հովանիին ներքոյ գտնուող) ռազմախարիսխին մէջ տեղի ունեցած փակ հանդիպումներու մասին են, որոնց մասնկացած են թէ Սուրիոյ Գաղտնի Սպասարկութեան թէ ալ թրքական յատուկ ծառայութեանց բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ։ 

 Ճիշդ է, որ այս հանդիպումները առաջինը չեն իրենց տեսակին մէջ, բայց եւ այնպէս բոլոր տուեալները կը խօսին նոր փուլի մը մեկնարկին մասին։ 

 Այս գործին «խառնուած է» նաեւ Իրաքի վարչապետ Մոհամմատ Շայահ Ալ Սուտանանին, որ տուեալ խնդրով ունի Իրանի  ամբողջական նեցուկն ու զօրակցութիւնը։ 

 Հոս անշուշտ կան կարեւոր հարցումեր, Ռուսիոյ յառաջիկայ դերին, կամ դերի վերափոխման մասին, բայց փաստ է, որ Կազայի տագնապէն հեռու շրջանի երկիրները մեծ միտում մը ունին իրենց միջեւ առկայ տարաձայնութիւնները փարատելու առումով։

 Յստակ է նաեւ, որ թէ Անգարա եւ թէ ալ Դամասկոս փոփոխութեան ենթարկած են միմիիանց հանդէպ անցեալին եղած «վիրաւորական» (մեղմասած) հռետորաբանութիւնը եւ ասկէ ետք ալ անոնք երկուքն ալ այդ առումով սխալներ գործելու տեղ չունին։ 

 Այս պրիսմակով դիտուած չեմ բացառեր թրքական ուժերու հեռացումը Սուրիայէն, որուն պիտի յաջորդէ Ասատ- Էրտողան հանդիպումը։ 

 Ճիշդ է, որ նախագահ Ասատ պիտի նախընտրէ հանդիպիլ Հաքքան Ֆիտանին եւ ոչ Էրտողանին հետ, բայց սուրիական կողմի փրակմաթիզմին համար Էրտողանի հետ հանդիպման «լեղի ջուրով բաժակ»էն պուտ մը ջուր խմելը մեծ բան մը չէ։ 

 Այնպէս, որ շրջանը կուղղուի դէպի նոր քաղաքական փուլ, որուն դիմաց ալ Սուրիան պիտի ստանայ նոր եւ դրական միաւորներ։

 Վերջին օրերուն շատ աշխոյժ կերպով լրատւութիւն կը կատարուի Դամասկոս-Անգարա մերձեցման նոր փուլի մը մասին։ 

 Խօսքը ի մասնաւորի «Հմէմին» (ռուսներու հովանիին ներքոյ գտնուող) ռազմախարիսխին մէջ տեղի ունեցած փակ հանդիպումներու մասին են, որոնց մասնկացած են թէ Սուրիոյ Գաղտնի Սպասարկութեան թէ ալ թրքական յատուկ ծառայութեանց բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ։ 