Սէուտական Արաբիոյ եւ Լիբանանի առողջապահական ոլորտին մէջ նոր տագնապ մը ծայր առած է: Ըստ սէուտական աղբիւրներու Մունա Պաալպաքի անունով լիբանանցի դեղագործուհի մը «անպէտք» եւ վնասակար դեղեր վաճառելով լուրջ վնասներ հասցուցած է քաղցկեղով հիւանդ սէուտցիներուն: Իր կարգին Պաալպաքի, որ հարցազրոյց մը տուած է սէուտական «Ալ Ուքազ» թերթին հերքած է իր դէմ հնչած մեղադրանքները եւ եղածը համարած է իր դէմ ուղղուած ծրագրուած արշաւ մը:
Լիբանանեան կարգ մը թերթեր թեմային մասին անդրադարձ կատարելով գրած են, որ Պաալպաքի «Ռաֆիք Հարիրի»ի անուան պետական հիւանդանոցին մէջ աշխատած շրջանին մեղադրուած է քաղցկեղով տառապող հիւանդներու դեղերը ժամանակավրէպ դեղերով փոխարինելուն մէջ: Դեղագործը այս բոլոր մեղադրանքներուն կը պատասխանէ ըսելով. « Ես մարդոց հոգիներու հետ խաղցող մարդասպան չեմ»: