Մէկ շաբաթէն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետերուն հետ պիտի քննարկենք տեխնիկական մանրամասնութիւններ, բայց անոնք շատ կարեւոր մանրամասնութիւններ են։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք։
Ըստ Օվերչուքի՝ խօսքն Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանը հատելու ընթացակարգի մասին է։
«Ինչպէս պիտի իրականացուի սահմանային հսկողութիւնը եւ մաքսային հսկողութիւնը սահմանին»,- պարզաբանած է ան։
Յիշեցնենք, որ Փութին ըսած էր, որ մէկ շաբաթէն Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի կառավարութիւններու փոխվարչապետները կը հանդիպին եւ կը քննարկեն «չմաքրուած հարցերը»։