Այս բոլորին զուգահեռ ու փոխանակ այս իրողութիւններուն դիմաց յստակ քայլերու դիմելու՝ ընդդիմադիր շրջանակներ կը շարունակեն խաբել Հայաստանի ժողովուրդը կամ առնուազն հասարակութեան այն հատուածը, որ ձեւով մը կը հաւատայ իրենց, անցեալէն եկած համարում մը ունի իրենց եւ կամ որեւէ ձեւով կապուած է իրենց։ Այս առումով ալ ամենավերջին ու ամենատխուր յայտնագործումը եղաւ Բագրատ սրբազանի բերնով հնչած խօսքը, որ ան բացայայտօրէն կը շարունակէ օգտագործել ամէն առիթով։ «Կիրանցէն՝ Արցախ» կը յարէ Բագրատ սրբազանը եւ կը փափաքի, որ իր հանրութիւնը շարունակէ հաւատալ ըսածներուն, շարունակէ քալել իր կողքին ու շարունակէ մեծ ու փոքր ցոյցերու մասնակցիլ։ Ու ամենատխուրն է, որ Բագրատ սրբազան շատ լաւ կը հասկնայ, թէ իր ըսածները ո՛չ միայն իրականութեան հետ աղերս մը չունին, այլեւ այս ժամանակներուն գրեթէ անիրականանալի են։ Այլ խօսք, եթէ ան յայտարարէր, որ «Ժողովուրդ ջան, հաւատացէ՛ք, թէ ինծի համար գերագոյն նպատակը Արցախը ազատագրելն է, բայց հաւատացէք, թէ այս փուլին այդ բանը չենք կրնար ընել...»։ Միթէ այս ձեւով ան աւելի մեծ յարգանքի ու համակրանքի արժանի պիտի չդառնա՞ր։ Միթէ այս ձեւով ինքն ու իր դատին հաւատարիմները աւելի ազնիւ վարուած պիտի չըլլայի՞ն իրենց համակիրներուն ու հանրութեան հետ։
Զարմանալի է, չէ՞ որ մինչեւ այս պահը Հայաստանի վերլուծական դաշտին մէջ տակաւին չէ ըմբռնուած, թէ որքան ամուր թելերով Հայաստանի իշխանութիւնները կապուած են Ռուսաստանի հետ։ Այս երեւոյթը, խորքին մէջ, Հայաստանի իշխանութիւններու փրկութեան թիւ մէկ խաղաքարտն է, ատեն-ատեն կ՚երերայ, կը տարափոխուի, պատկեր եւ շունչ կը փոխէ, սակայն, երբ հասնի գոյութենական ժամը, ապա երեւելի կը դառնայ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները եւ յատկապէս՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որո՛ւ մարդն է։ Ի հարկէ, աւելի քան պարզ ու հասկնալի է, որ ընդդիմադիր շրջանակներուն իրենց բաց քուէն տուած կարգ մը վերլուծաբաններու համար որեւէ ձեւով տանելի պիտի ըլլայ, որ ռուսերը ինչ-որ առումով եւ ինչ-որ ձեւով անվրդով պահեն Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ յարաբերութիւնները։ Աւելի հեռու երթալով՝ ընդդիմութիւնը չ՚ուզեր, որ ռուսերը ապահովեն իշխանութիւններուն ամրութիւնն ու շարունակականութիւնը։
Տարիներ առաջ, ընդդիմադիր շրջանակներու հանդիպումներէ մէկուն ընթացքին, ներկայ մը շատ տեղին հարց մը տուած էր. «Բարեկամներ, դուք կը պատրաստուիք անցնիլ հզօր շարժումի մը, որուն հիմնական նպատակը պիտի ըլլայ տապալել Նիկոլ Փաշինեանը։ Ի սէր Աստուծոյ, ըսէ՛ք, դուք արտաքին կանաչ լոյս մը ունի՞ք։ Առնուազն, եթէ չունիք, գոնէ վստահեցում մը ունի՞ք, թէ արտաքին ուժերը իրար պիտի չանցնին՝ Փաշինեանը գահուն վրայ պահելու համար»։ Սրահին մէջ պահ մը քար լոութիւն տիրեց, խօսակցութիւնը շարունակուեցաւ կազմակերպչական խնդիրներու վրայ, ապա փակուեցաւ բաց հանդիպումը։
Երեք տարի անցած է այդ հանդիպումէն ի վեր, սակայն, մինչեւ այս պահը ընդդիմադիր շրջանակներ միշտ կը թերանան այս հարցումը բարձրաձայն հնչեցնելու մէջ։ Իրարու դէմ կը գործեն, զիրար կը նախատեն, ներքին կարգով անուններու դէմ վեթոներ կը դնեն, բայց, էական հարցումներ չեն ուզեր տալ, չեն ուզեր լսել։ Ու տակաւին չեն ուզեր հասկնալ եւ ըմբռնել, որ Հայաստանի գործընթացներուն վերաբերեալ մեծ ազդեցութեան տէր արտաքին խաղացողները պիտի շարունակեն Փաշինեանին նեցուկ կանգնիլ՝ այնքան ժամանակ, որ ան հլու-հնազանդ կը կատարէ իր ուսերուն դրուած պարտականութիւնները, որոնք մեծ հաշուով կապուած են արտաքին ազդակներու եւ գործօններու հետ։
Այս բոլորին զուգահեռ ու փոխանակ այս իրողութիւններուն դիմաց յստակ քայլերու դիմելու՝ ընդդիմադիր շրջանակներ կը շարունակեն խաբել Հայաստանի ժողովուրդը կամ առնուազն հասարակութեան այն հատուածը, որ ձեւով մը կը հաւատայ իրենց, անցեալէն եկած համարում մը ունի իրենց եւ կամ որեւէ ձեւով կապուած է իրենց։ Այս առումով ալ ամենավերջին ու ամենատխուր յայտնագործումը եղաւ Բագրատ սրբազանի բերնով հնչած խօսքը, որ ան բացայայտօրէն կը շարունակէ օգտագործել ամէն առիթով։ «Կիրանցէն՝ Արցախ» կը յարէ Բագրատ սրբազանը եւ կը փափաքի, որ իր հանրութիւնը շարունակէ հաւատալ ըսածներուն, շարունակէ քալել իր կողքին ու շարունակէ մեծ ու փոքր ցոյցերու մասնակցիլ։ Ու ամենատխուրն է, որ Բագրատ սրբազան շատ լաւ կը հասկնայ, թէ իր ըսածները ո՛չ միայն իրականութեան հետ աղերս մը չունին, այլեւ այս ժամանակներուն գրեթէ անիրականանալի են։ Այլ խօսք, եթէ ան յայտարարէր, որ «Ժողովուրդ ջան, հաւատացէ՛ք, թէ ինծի համար գերագոյն նպատակը Արցախը ազատագրելն է, բայց հաւատացէք, թէ այս փուլին այդ բանը չենք կրնար ընել...»։ Միթէ այս ձեւով ան աւելի մեծ յարգանքի ու համակրանքի արժանի պիտի չդառնա՞ր։ Միթէ այս ձեւով ինքն ու իր դատին հաւատարիմները աւելի ազնիւ վարուած պիտի չըլլայի՞ն իրենց համակիրներուն ու հանրութեան հետ։
Հասկնալի է, ի հարկէ, որ խոշոր հաշուով, բոլոր հանրութիւններուն մէջ աւելի նախընտրելի ու պահանջուած մօտեցում մըն է՝ հարցերը ներկայացնել ու անոնց մասին խօսիլ՝ հաշուի առնելով միայն ու միայն ականջահաճոյ ըլլալու պարագան։ Սա կը դպչի մարդուն սրտին ու մտքին, սակայն, միւս կողմէ կը զուգորդուի սուտով ու կեղծիքով։ Նոյն այս մարդիկ կը մոռնան, որ ինչպէս մօտաւոր անցեալին, այնպէս ալ ներկայիս Հայաստանի մէջ առկայ է վստահութեան տագնապ ու անկէ աւելին ալ ատելութիւն մը՝ սուտին ու կեղծիքին դէմ։
Այս բոլորը, անշուշտ, կը վերաբերին Հայաստանի ներքին լսարանին, որովհետեւ «քաղաքական թէժ աշուն» խոստացած Բագրատ սրբազանն ու իր համակիրները միշտ ալ յառաջ կը քաշեն, թէ երկրի փոփոխութիւնը սկիզբ պիտի առնէ միայն ու միայն ներսէն։ Այսինքն երկրին մէջ այնքան մեծ լարուածութիւն մը պիտի յառաջանայ, որ արտաքին ուժեր յանկարծ ուշքի գան ու կանաչ լոյս տան ընդդիմութեան եւ այսպէսով տեղի ունենայ իշխանափոխութիւն։
Ցաւօք, անոնք կը սխալի՛ն ու կը սխալին չարաչար, որովհետեւ այսօր Հայաստանի հասարակութեան մէջ տակաւին կարծրացած կը շարունակէ մնալ այն թերի ընկալումը, թէ «նախկինները շատ աւելի վատ են՝ քան Նիկոլը»։ Հետեւաբար, այս հիմքին վրայ կառուցուած տրամադրութիւններով՝ հասարակութեան մեծամասնութիւնը պիտի շարունակէ մերժել որեւէ շարժում, որ ձեւով մը կ՚առընչուի նախկիններուն հետ։
Ամէն պարագայի կ՚արժէ նաեւ խոշորացոյցի տակ առնել այն թիւր ընկալումները, որոնք կերպով մը առընչուած են ընդդիմադիր շրջանակներուն քուէ տուած ու այդ գծին տակաւին հաւատարիմ վերլուծաբաններուն, որոնցմէ մին է Վիգէն Յակոբեան, որ համոզուած է թէ ռուսերը այսօր ալ կը շարունակեն փոխարինող մը որոնել Նիկոլ Փաշինեանի համար։ Իրականութիւնը, սակայն, ճիշդ հակառակն է։
Յամենայնդէպս, կ՚արժէ կանգ առնել վերլուծաբանի տեսակէտներուն վրայ՝ խայտաբղէտ ու յարափոփոխ համայնապատկերին ներթափանցելու համար։ Իր խօսքով՝ Արեւմուտքը երկար ժամանակէ ի վեր Փաշինեանին այլընտրանք մը կը փնտռէ: Տեղ մը Հայաստանի վարչապետին խորհուրդ պիտի տրուի կազմակերպել արտակարգ ընտրութիւն եւ այլընտրանքային թեկնածուներ ի յայտ պիտի գան։ Արեւմուտքը կ՚ըմբռնէ, որ Փաշինեանի իշխանութիւնը կարողութիւն չունի գոհացնելու իր պահանջները։ Ան իրենց պէտք չէ՝ որպէս խօսող ղեկավար, այլեւ իրենց պէտք է, որ գործնականին անցնի. օրինակ՝ ՀԱՊԿ-էն դուրս գայ ու միայն յայտարարութիւններ չընէ այդ մասին։ Ըստ վերլուծաբանին մօտեցման՝ ենթադրելի է. Հայաստանի իշխանութիւններու վարքագիծը կը խորհրդանշուի վարչապետի քշած հեծանիւով։ Սա կը վկայէ, թէ ոչինչ կախեալ է իրենցմէ։ Նոյն դիտարկումներով՝ ինչ որ կրնար ձախողիլ, ապա արդէն ձախողած է: Իշխանութիւնները պարզապէս կը հետեւին ու կը յուսան, թէ կրնան խուսափիլ իրենց համար վատթարագոյնէն՝ իշխանութիւնը կորսնցնելէ։ Յակոբեանի պնդումներով՝ անոնք կը փորձեն մեկուսանալ բոլոր գործընթացներէն՝ ըմբռնելով, որ իրենց առած իւրաքանչիւր քայլը կրնայ աւելի վատթարացնել թէ՛ իրենց եւ թէ ամբողջ երկրի կացութիւնը։ Այսպէս կոչուած խաղաղութեան օրակարգի տապալումէն ետք, անոնք կը հասկնան, թէ ո՛չ ոք կրնայ երաշխաւորել իրենց իշխանութեան շարունակութիւնը եւ անձնական անվտանգութիւնը։ Իշխանութիւնները կը հասկնան, որ Լուքաշենքոյի խօսքերը Փութինի խօսքերն են: Հայաստանի իշխանութիւնները տկարութեան պատճառով կը փորձեն աւելի չվատթարացնել իրավիճակը եւ չհակազդել անոր յարձակումներուն։ Բայց, միեւնոյն ժամանակ, անոնք շատ սուր կ՚արձագանգեն Ռուսաստանի յայտարարութիւններուն եւ այդ բանը կ՚ըլլայ հարկադրաբար՝ արտաքին ուժերու թելադրանքով։
Խորհրդածութեան շարունակութեան Յակոբեան դիտել կու տայ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները կը փորձեն միաւորներ հաւաքել Արեւմուտքին առջեւ ու կը ջանան ցոյց տալ, թէ կրնան յստակ կերպով պատասխանել Ռուսաստանին եւ քայլեր առնել անոր դէմ։ Սա կ՚ընեն այն յոյսով, թէ Արեւմուտքը կրնայ փրկել զիրենք դժուար իրավիճակներու մէջ:
Փաշինեան այլեւս չի հետաքրքեր Ռուսաստանը: Մինչեւ վերջերս այդպէս չէր, որովհետեւ Փաշինեանի վարած քաղաքականութիւնը կ՚օրինականացնէր Ռուսաստանի՝ որպէս Հայաստանի ռազմավարական դաշնակից, պարտաւորութիւնները չկատարելը, ինչպէս նաեւ Մոսկուայի մերձեցումը Պաքուի եւ Անգարայի հետ։
Հայաստան այժմ Ռուսաստանը կը հետաքրքրէ միայն Սիւնիքով անցնիլը նախատեսուած միջանցքի վերահսկողութեան հարցով, որպէսզի ան առնուազն Արեւմուտքի վերահսկողութեան տակ չյայտնուի։
Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս