Յուլիս 29-ին չեղարկուած են «Աերոֆլոթ» օդանաւային ընկերութեան՝ Մոսկուա-Երեւան եւ Երեւան-Մոսկուա ուղղութեամբ թռիչքներ:
Այս մասին կը տեղեկանանք «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանի կայքէն:
Մասնաւորապէս չեղարկուած են 05:45-ին եւ 12:55-ին նախատեսուած Մոսուա-Երեւան ուղղութեամբ թռիչքները: Չեղարկուած են նաեւ Երեւան-Մոսկուա ուղղութեամբ 06:45-ին եւ 13:55-ին նախատեսուած թռիչքները:
«Աերոֆլոթ» ընկերութիւնը յուլիս 28-ին յայտարարած էր, որ ընկերութեան տեղեկատուական համակարգերուն մէջ խափանում տեղի ունեցած է, որու պատճառով թռիչքներու ժամանակացոյցը կրնայ փոխուիլ, չուերթները կրնան յետաձգուիլ կամ չեղարկուիլ։