Երէկ Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած ցոյցերուն ընթացքին հաւաքի մասնակիցներ բուռն կերպով ընդդիմացած են, հայազգի պատգամաւոր (ներկայացած «անկախական» ուժերէն) Փօլա Եագուպեանի ներկայութեան դէմ։
Այս մասին գրած է Lebanon 24 կայքը նշելով նաեւ, որ եղածին վերաբերեալ տարածուած են տարաբնոյթ լուրեր, որոնք մեծաւ մասամբ անճիշդ լուրեր են։
Միւս կողմէ պետական մարմիններ եղածին անդրադառնալով հաւաստիացուցած են, որ Փօլա Եագուպեան հրապարակէն հեռացուած է ոչ թէ Անվտանգութեան Մարմիններու, այլ բողոքի հաւաքին մասնակցող թոշակառու զինուորներուն կողմէ։
Նշենք նաեւ, որ երկրին մէջ առկայ լարուած իրավիճակին հետեւանքով սովորական քաղաքացիներ յաճախ ժխտական խօսքեր կը հնչեցնեն քաղաքական բոլոր գործիչներու հասցէին, առանց խտիր կամ զատողութիւն ընելու անոնց մէջ եւ երէկ գրանցուած դէպքը բնականօրէն կապ ունի երկրին մէջ առկայ ընդհանուր մթնոլորտին հետ։