image

Ծառուկեանին պատկանող «Մուլտի Գրուպ»-ի աշխատակիցները բողոքի ցոյց կազմակերպած են

Ծառուկեանին պատկանող «Մուլտի Գրուպ»-ի աշխատակիցները բողոքի ցոյց կազմակերպած են

«Մուլտի Գրուպ» ընկերութիւններու խումբի կազմին մէջ գտնուող շարք մը ընկերութիւններու աշխատակիցներ այսօր միաժամանակեայ բողոքի ցոյցեր կատարած են ձեռնարկութիւններու տարածքներուն մէջ՝ պահանջելով նախաքննական մարմիններէն բանալ կապարակնիքները եւ թոյլ տալ վերադառնալ աշխատանքի։

Բողոքի ցոյց կատարուած են նաեւ Երեւանի Արարատ քոնեակ-գինի-օղի գործարանի աշխատակիցները։

Արդէն ութերորդ օրն է, որ Ծառուկեանին պատկանող շարք մը ձեռնարկութիւններ փակ են։ Ծառուկեանի ձերբակալման օրը քննչական գործողութիւններ կատարուած են նաեւ անոր պատկանող տարբեր կառոյցներու մէջ։ Կապարանակնքուած են Ծառուկեանին պատկանող շարք մը կառոյցներ։

Աշխատակիցներու խօսքով՝ իրենք կը գտնուին անորոշութեան մէջ։ Անոնք նշած են, որ ոստիկանները նոյն օրը եւ նոյն ժամուն մուտք գործած են ընկերութիւններու տարածքներ, որմէ ետք աշխատակիցներուն թոյլ չեն տուած մտնել աշխատանքի։

«Մենք ուզում ենք գոնէ իմանալ՝ մէկ օրից, տասը օրից, թէ ընդհանրապէս երբ է բացուելու գործարանը։ Եթէ չի բացուելու, գոնէ ասեն, որ մարդիկ իրենց գլխի ճարը տեսնեն»,- ցոյցի ժամանակ լրագրողներուն ըսած է աշխատակիցներէն մէկը։

Անոնց խօսքով՝ փակման հետեւանքով բազմաթիւ ընտանիքներ մնացած են առանց եկամուտի, մինչդեռ շատերն ունին վարկային պարտաւորութիւններ, կը վճարեն բնակարանի վարձավճար եւ կոմունալ ծառայութիւններու վճարներ։

Աշխատակիցները նշած են նաեւ, որ եթէ պատասխան չստանան, պիտի փակեն Երեւան-Սեւան մայրուղին։

«Մենք միայն ուզում ենք աշխատել։ Եթէ պետական մարմինները ստուգումներ են իրականացնում, թող դա արուի այնպէս, որ աշխատակիցները չտուժեն»,-ըսած է աշխատակիցներէն մէկը՝ աւելցնելով, որ կը դիմեն նաեւ վարչապետին՝ խնդրելով հնարաւորինս արագ կարգաւորել իրավիճակը։