image

Ապահով ու վտանգաւոր Շուէտը. Ինչպիսի՞ն են տրամադրութիւնները սուրիահայերու հանդէպ. Շուէտաբնակ սուրիահայ

Ապահով ու վտանգաւոր Շուէտը. Ինչպիսի՞ն են տրամադրութիւնները սուրիահայերու հանդէպ. Շուէտաբնակ սուրիահայ

Սուրիահայ Եղիա Յակոբեանը պատերազմի սկիզբը՝ դեռ 2012-ին ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Շուէտ։ Այդ  ժամանակ  հնարաւոր      օդային   ուղիղ  թռիչքներ  կային  Սուրիայէն   Շուէտ։ Ան Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքէն է, հաստատուած է Սթոքհոլմէն 33 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Շուէտի Սիոտերթելիէ քաղաքին մէջ, այն հիմնական բնակեցուած է գամիշլիահայերով:

Համայնքը, կարելի է ըսել,  փոքր մոտելն է Շուէտի հայ գաղութին, անմասն չեն մնար երկրի զարգացումներուն, աւելին, յաճախակի միջոցառումներ կը կազմակերպեն, կը յիշատակե  Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցը, որոնց մասնակից կը դառնան նաեւ Շուէտի  պաշտօնեաները:

Սուրիահայ գաղթականներուն համար Շուէտը եւս հիւրընկալ երկիր դարձաւ, սակայն վերջերս յայտնի դարձած դէպքը՝ Շուէտի մէջ հաստատուած սուրիահայ երիտասարդի սպանութիւնը, որ յաջորդած էր փախստականներու թեմայով բանավէճին, լուրջ մտորելու առիթ տուած է՝ արդեօ՞ք եւրոպական երկիրները ապահով ապաստան կրնան ըլլալ ոչ իրենց մեղքով փախստական դարձած սուրիահայերուն համար, եւ ի՞նչ սպառնալիքներ կախուած են սուրիահայերու գլխուն:

Եղիա Յակոբեանը, որ համայնքի աշխոյժ ներկայացուցիչն է, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի տեղի մասնաճիւղի ատենապետը, պարզ օրինակներով կը ներկայացնէ իրավիճակը՝ վստահեցնելով, որ ամենուր չէ, որ նոյն վտանգները կան սուրիահայերու համար:

«Անցեալ տարի Հայ կեդրոնը որ բացինք, պետական մակարդակի վրայ իրենց հրաւիրեցինք, եւ շատ գոհ մնացին մեր ընդունելութեան, կազմակերպման համար, ամէն ինչ կատարեալ էր: Բացարձակ խտրականութիւն չկայ, սիրալիր վերաբերմունք է, մեր քաղաքին մէջ ուրիշ փոքրամասնութիւններ կան՝ սուրիացիներ կամ ասորիներ, 30-40 հազար հոգինոց գաղութ ունին, եկեղեցի ունին, բայց քաղաքական գործունէութեամբ կազմակերպուած չեն»,-կը նշէ Եղիա Յակոբեանը:

Ան կը հաւաստիացնէ, որ հայ համայնքի հանդէպ դրական վերաբերմունք կայ օտարազգիներու կողմէն, ոչ միայն այլ փոքրամասնութիւններու, այլ նաեւ տեղացիներու: իսկ նման ցաւալի միջադէպերը, ըստ անոր,  եզակի են ու չեն խօսիր ընդհանուր հասարակութեան տրամադրութիւններու մասին:

«Վերջին շրջանին շուէտական խորհրդարանին  մէջ ազգայնամոլական շարժում սկսաւ, իրենք պաշտօնական չեն ներկայացուած, բայց իրենց գաղափարները    բարձրաձայնող կուսակցութիւն կար, որ առաջ քիչ թիւով համակիրներ ունէր, բայց հիմա բաւական հետեւորդներ ունին, իրենք կ'ուզեն խստացնել այն օրէնքները, որ կը թոյլատրեն օտարներուն ընդունիլ, կ'ուզեն  գաղթականութեան թիւը նուազեցնել, ժողովուրդի մեծ մասը դէմ է այդ կուսակցութեան, կ'ըսեն, որ մեր երկիրը զարգացնողը գաղթականներն են»,-կը ներկայացնէ շուէտաբնակ սուրիահայը:

Ըստ անոր՝ հիմա նման ազգայնականներու տրամադրութիւնները համեմատաբար փոխուած են, անցեալին շատ աւելի անհանդուրժող էին օտարազգիներու նկատմամբ: «Շրջան մը եղաւ Սթոքհոլմի մէջ, երբ սեւ մազերով մէկը կ'անցնէր, կը   հարուածէին իրեն, բայց անոնք եզակի դէպքեր են, չես կրնար ընդհանրացնել, մենք որ իրենց հետ կը յարաբերինք, սկիզբը բոլորին մէկ աչքով կը նայէին՝ հայ է, քրիստոնեայ է, թէ իսլամ է, հիմա կը զգան, որ հայն ու քրիստոնեան կը տարբերին: Թաքուն կ'ընդունին այդ հանգամանքը, բայց չեն բարձրաձայներ»,-կ'ըսէ ան:

Տեղի ունեցած դէպքը ան որոշակի շրջաններու մէջ տիրող տրամադրութեան հետեւանք կը համարէ:«Սկիզբը,  երբ    փախստականները գան, եթէ սեփական տուն կամ ազգական չունին, կրնան ապաստարանէն օգտուիլ, այդ միջավայրը շատ վատ է, օրինակ մայր մը ու աղջիկը լուր տուին, թէ կ'ուզեն այստեղէն տեղափոխուիլ, քանի որ շատ վատ է վիճակը»,-կը ներկայացնէ Յակոբեանը:

Ան կը հաւաստիացնէ, որ նման տրամադրութիւններու տէր անձինք պետութեան հսկողութեան տակ են, բայց փաստ է, որ դէպքերը կը շարունակեն տեղի ունենալ, հետեւաբար սպառնալիքը մշտապէս կը մնայ: Եղիա Յակոբեանը այս  խնդրին մէջ  մէկ լուծում կը տեսնէ. Անկախ անկէ՝ Եւրոպայի մէջ է, Ամերիկայի մէջ, թէ արեւելեան որեւէ երկրի մէջ, հայը, բացի իր տունէն, մշտապէս սպառնալիքի առջեւ է: Կը նշէ.

«Ես միշտ կ'ըսեմ իմ մօտիկներուն, որ եթէ կ'ուզենք մաքուր շրջանակի մէջ ապրիլ, մեր տեղը Հայաստանն է: Օրինակ 50 տարի Սուրիոյ մէջ՝ քրտական, արաբական շրջանակի մէջ ապրած եմ, պետութիւնը մեզի կը պաշտպանէ, բայց երբ անիշխանութիւն սկսաւ, քու հարեւանդ կրնայ քեզ թալանել, կողոպտել, սպանել, այդ միջավայրին մէջ ապրած ենք: Հիմա՝ որպէս ապահով երկիր, եկանք Եւրոպա, բայց Եւրոպա շրջանակներ կան, որ բոլորը սոմալցի են, սեւամորթ են, բայց  նորմալ մթնոլորտ չէ հայուն հայ ապրելու համար»:

Միակ նորմալ մթնոլորտը հայրենիքն է, սակայն այն պարագային, երբ նորմալ ընկերային միջավայր ապահովուի, ընկերային հաւասարութեան պարագային բոլորն ալ կը վերադառնան այն միակ երկիրը, որ կրնայ ապահովել իրենց զաւակներու անվտանգութիւնը: