Ատրպէյճանը եւ Հայաստանը Հարաւային Կովկասի մէջ երկարաժամկէտ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն ապահովելու կարեւոր հնարաւորութիւն ստացած են. այս մասին, թրքական լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ, յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը Նիւ Եորքի մէջ «Թրքական տան» մէջ Միացեալ Նահանգներու շարք մը վերլուծական կեդրոններու ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման։
Անոր խօսքով՝ Թուրքիոյ սկզբունքային դիրքորոշումն է՝ նպաստել տարաձայնութիւններու վերացման, խաղաղութեան եւ բարիդրացիական յարաբերութիւններու ամրապնդման։
«Մենք պարտադիր կը համարենք պետութիւններու ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան, ինչպէս նաեւ միջազգային իրաւունքի կանոններու նկատմամբ յարգանքը»,-ըսած է ան: