image
Հրատապ լուրեր:

«Միասին» կազմակերպութեան այցը՝ Պուլկարիոյ Հայոց Թեմ.Ներկայ եղած է թեմակալ Տեղապահ Գերշ. Տ. Տաթեւ եպս. Յակոբեան

 «Միասին» կազմակերպութեան  այցը՝  Պուլկարիոյ  Հայոց Թեմ.Ներկայ եղած է թեմակալ Տեղապահ   Գերշ. Տ. Տաթեւ եպս. Յակոբեան

Օրերս «Միասին» Հասարակական կազմակերպութեան (NGO)  նախագահ Գէորգ Չիչեան աշխատանքային այցելութիւն կատարած է Պուլկարիոյ Վառնա քաղաքի հայկական համայնք, որու ծիրէն ներս հանդիպում ունեցած է անոնց ներկայացուցիչներուն հետ, նաեւ փոխգործակցութեան յուշագիր կնքած ՀՕՄ-ի Վառնայի «Արաքս» մասնաճիւղին հետ: 

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ «Միասին» կայքէն: 

 

«Միասին» ՀԿ-ի նախագահ Գէորգ Չիչեանի եւ ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտ Արսէն Գրիգորեանի հանդիպումը Վառնա քաղաքի հայկական համայնքային ներկայացուցիչներուն հետ տեղի ունեցած է  «Սուրբ Սարգիս» մշակութային կեդրոնին մէջ, ուր ներկայ եղած են նաեւ Ռումանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ եւ Պուլկարիոյ Հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ Գերաշնորհ Տ. Տաթեւ արք. Յակոբեանը, Պուլկարահայերու միութեան նախագահ Յարութիւն Յովսէփեանը, Վառնայի Ս. Սարգիս հայկական եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդի ատենապետ Մասիս Բագդաթեանը, Վառնայի Ս. Սարգիս հայկական եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդի փոխատենապետ Պերճ Վարժապետեանը, ՀՕՄ-ի Վառնայի «Արաքս» մասնաճիւղի ատենապետուհի Շողեր Սիմոնեանը եւ այլ հիւրեր:

 

Հանդիպման ընթացքին Տաթեւ Սրբազանը, ողջունելով Հայաստանէն ժամանած հայորդիները, շնորհակալութիւն յայտնած է Հայրենիքին մէջ անոնց կատարած հայանպաստ աշխատանքներուն համար՝ ընդգծելով համագործակցութեան շարունակականութեան ապահովման կարեւորութիւնը:

 

Սրբազան Հայրը նաեւ յորդորած է հանդիպման ներկայ վառնահայերը աւելի կազմակերպուած առաջ տանիլ համայնքային աշխատանքերը եւ աշխուժացնել միջհամայնքային շփումները՝ ընդգծելով, որ յաջողութեան գրաւականը միայն մեր միասնական ուժն ու համախմբուածութիւնն է:

 

«Մենք պէտք է իրարու սատար կանգնինք եւ օգնութեան ձեռք մեկնենք, նախանձախնդիր ըլլանք Հայկական Սփիւռքի համայնքային եւ եկեղեցական հարցերու լուծման, ազգային ինքնագիտակցութեան, Մայրենիի եւ հայ ժողովուրդի մշակոյթի պահպանման նուիրական գործին, ինչպէս նաեւ աշխարհասփիւռ երիտասարդները տոգորենք արժանապատուութեան զգացումներով»,- մասնաւորապէս ըսած է Տաթեւ Սրբազան:

ՀՕՄ-ի Վառնայի «Արաքս» մասնաճիւղի ատենապետուհի Շողեր Սիմոնեան իր ողջոյնի խօսքով շեշտած է, որ հետագային  պատրաստակամ է նմանօրինակ միջոցառումներ կազմակերպել՝ այդպիսով աւելի ամրապնդելով Հայրենիքի հետ կապը եւ խանդավառելով վառնահայ համայնքը:

Հանդիպման աւարտին Մասիս Բագդաթեան եւ Շողեր Սիմոնեան յուշանուէր եւ շնորհակալագիր  յանձնած են Արսէն Գրիգորեանին եւ Գէորգ Չիչեանին՝ Գայանէ Մարաշլեան պարախումբի համերգին մասնակցելու եւ Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման գործին մէջ անոնց ունեցած աւանդին համար:

 

Այցելութեան ծիրէն ներս նաեւ «Միասին» ՀԿ-ն՝ ի դէմս նախագահ Գէորգ Չիչեանի եւ ՀՕՄ-ի Վառնայի «Արաքս» մասնաճիւղը՝ ի դէմս ատենապետուհի Շողեր Սիմոնեանի, կարեւորելով Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման ուղղութեամբ երկու կառոյցներու միջեւ կապերու ընդլայնումը, կրթամշակութային, ընկերային ծրագիրներու իրականացման նշանակութիւնը՝ կնքած են փոխգործակցութեան յուշագիր:

 

Գէորգ Չիչեան եւ Շողեր Սիմոնեան իրենց շնորհակալական խօսքին մէջ նշած են, որ յուշագիրն աւելի կը սերտացնէ երկու կառոյցներու միջեւ կապերն ու համագործակցութեան նոր էջ կը բանայ: