Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն Եպս. Առաքելեանի հիւրընկալութեամբ, Թեմի Առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ եղբայրական հանդիպում՝ Եւրասիոյ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան նախագահ Վեր. Դոկտ. Ռընէ Լեւոնեանի հետ։ Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու Եւրասիոյ հայ համայնքներու հոգեւոր ու համայնքային կեանքին, ինչպէս նաեւ անոնց դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրներուն։
Ստորեւ Առաջնորդարանին կողմէ տարածուած հաղորդագրութիւնը՝
Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում՝ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն Եպս. Առաքելեանի եւ Եւրասիոյ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան նախագահ Վեր. Դոկտ. Ռընէ Լեւոնեանի միջեւ։
Վերապատուելի Լեւոնեան Առաջնորդարան ժամանեց Յունաստանի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հովիւ Վեր. Վիգէն Չոալաքեանի ընկերակցութեամբ։
Հանդիպման ընթացքին Վեր. Դոկտ. Ռընէ Լեւոնեան ներկայացուց Եւրասիոյ տարածքին Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու կողմէ իրականացուող հոգեւոր եւ համայնքային ծառայութիւնը՝ անդրադառնալով մասնաւորաբար Եւրոպայի եւ Ասիոյ հայ համայնքներուն դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրներուն։
Հանդիպումը անցաւ ջերմ եւ եղբայրական մթնոլորտի մէջ։