image

Մահացած է յունահայ ծանօթ գործարար Գրիգոր-Գէորգ Յակոբեան

Մահացած է յունահայ ծանօթ գործարար Գրիգոր-Գէորգ Յակոբեան

83 տարեկան հասակին կեանքէն հեռացած է յունահայ ծանօթ գործարար Գրիգոր-Գէորգ Յակոբեան։

«Արեւելք» այս մասին վերահասու դարձաւ Աթէնք հրապարակուող «Ազատ օր»էն։

 Նշենք, որ հանգուցեալը որդին էր Յունահայոց Ազգային Վարչութեան երկարամեայ եւ վաստակաւոր ատենապետ Ներսէս Յակոբեանի։

Իր հօր օրինակին հետեւելով՝ Գրիգոր-Գէորգ Յակոբեան իր գործունէութիւնը զարգացուցած էր պատկերահանման սարքերու ոլորտին մէջ՝ երկար տարիներ գործուն ներկայութիւն ունենալով յունական արհեստագիտական եւ գործարար շրջանակներուն մէջ, ուր նաեւ լայն ճանաչում եւ համբաւ վայելած էր։

«Արեւելք»ը իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ Յակոբեան ընտանիքին, հարազատներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք ճանչցած ու գնահատած են հանգուցեալի կեանքն ու գործունէութիւնը։

Յիշատակն անթառամ մնայ։