image

Մեծն Եօթնեակէն ապահովական կարեւոր երաշխիքներ՝ Ուքրանիոյ

Մեծն Եօթնեակէն ապահովական կարեւոր երաշխիքներ՝ Ուքրանիոյ

Ուքրանիոյ անվտանգութեան որոշակի երաշխիքներ տրամադրելու մասին փաստաթուղթը հաւանութեան արժանացած է Եօթնեակի անդամներու կողմէ։ Այս մասին Վիլնիուսի մէջ ՆԱԹՕ-ի ղեկավարներու եւ Ուքրանիոյ նախագահի հանդիպումէն ետք G7-ի ղեկավարներու ճեպազրոյցին ըսած է Ճափոնի վարչապետ Ֆումիօ Քիսիտան։

«Այս փաստաթուղթը հասանելի պիտի ըլլայ բոլոր երկիրներուն, որոնք մտադիր են աջակցիլ Ուքրանիոյ: Եւ յոյսով եմ, որ աւելի շատ երկիրներ կը միանան այս փաստաթուղթին: G7 երկիրները պիտի շարունակեն հաստատակամօրէն աջակցիլ Ուքրանիոյ»,-ըսած է Քիսիտան: