image

Պիտի մեծարուի ամերիկահայ բեմադրիչ՝ Մայքըլ Կուրճեան

Պիտի մեծարուի ամերիկահայ բեմադրիչ՝ Մայքըլ Կուրճեան

Յառաջիկայ Մայիս ամսուան ընթացքին Միացեալ Նահանգներու մէջ մեծարանքի հանդիսութիւն մը պիտի կատարուի ի պատիւ ամերիկահայ ֆիլմարտադրիչ՝ Միքայէլ Կուրճեանին։

Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ ԱՄՆ հրապարակուող՝ «Ասպարէզ» պարբերականէն, որ մասնաւորապէս կը գրէ ՝

Հայ-ամերիկեան թանգարանը կը տեղեկացնէ, թէ իր նախաձեռնած «Հորիզոն Կալա»ին ընթացքին պիտի մեծարէ «Ամերիկացի» ֆիլմի բեմադրիչ Մայքըլ Կուրճեանը։

Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ 11 Մայիսին, Լոս Անճելըսի քաղաքամէջը գտնուող «Ինթըրքանթինենթըլ» պանդոկի սրահին մէջ:

Թանգարանի գործադիր մարմինի ատենապետ Պերճ Կարապետեան կը նշէ, որ Կուրճեան իր ֆիլմով յաջողութեամբ ներկայացուցած է հայութեան ոգին եւ այլապէս յատկանշական ներդրումնր ունեցած է պատկերասփիւռի յայտագիրներու եւ ֆիլմի արտադրութեան մարզերուն մէջ։

Սան Ֆրանսիսքօ ծնած եւ 14 տարեականէն դերասանութեան սկսած Կուրճեան դերեր ունի Leaving Las Vegas, SLC Punk, Party of Five, Illusion եւ շարք մը այլ ֆիլմերու մէջ, իսկ David՛s Mother ֆիլմին մէջ իր դերակատարութեան համար արժանացած է «Էմի» մրցանակին։

Նշենք, որ «Հորիզոն Կալա»ին ընթացքին լուսարձակի տակ պիտի առնուին նախորդ տարուան իրագործումները եւ պիտի ներկայացուին ապագայ քայլերը:

Կլենտէյլի մէջ կառուցուող Հայ-ամերիկեան թանգարանը պիտի ունենայ ամերիկահայութեան նուիրուած մնայուն հաւաքածոյ մը, ինչպէս նաեւ պարբերաբար պիտի հիւրընկալէ զանազան մշակոյթներու եւ նիւթերու նուիրուած ցուցահանդէսներ եւ ձեռնարկներ: Անիկա պիտի ունենայ թատերասրահ մը, կրթական բաժին մը, արխիւներ, ցուցադրական խոհանոց մը, ճաշարան մը եւ վաճառատուն մը:

Հովանաւորութեան կամ մասնակցութեան մանրամասնութիւններուն ծանօթանալու համար դիմել (818) 644-2073 թիւին: Կը խնդրուի տեղերը ապահովել մինչեւ 30 Ապրիլ: