Պատմութեան մէջ ամենայանդուգն կողոպուտներէն մէկը իրականացնողները սիլիքոնէ դիմակ օգտագործած են Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Ժան Իվ Լը Տրիանը նմանակելու եւ անոր միջոցով իրենց զոհերէն 90 միլիոն տոլարի գումար կորզելու համար:
Լը Տրիանը պաշտպանութեան նախարարի պատօնը զբաղցուցած է 2012-2017 թուականներուն, իսկ այժմ երկրի Եւրոպայի եւ արտաքին գործերու հարցերով նախարարն է: Ան բաւականին ազդեցիկ քաղաքական գործիչ է, սակայն նաեւ ոչ հասկնալի անձնաւորութիւն, ինչն ալ, ըստ քննիչներու, ստիպած է յանցագործներուն անոր ընտրել որպէս ազդեցիկ կերպար իրենց խարդախութիւններու համար:
Ինչպէս կը ներկայացնէ Oddity central-ը, խաբեբաներէն մէկը, յատուկ պատրաստուած սիլիքոնէ դիմակ կրելով, ներկայացած է որպէս պաշտպանութեան նախարար եւ մեծահարուստ այցելուներէն՝ ֆրանսացի կամ արտասահմանեան գործարարներէն գումար խնդրած որպէս փրկագին Միջին Արեւելքի մէջ իսլամիսթներու մօտ պատանդ գտնուող լրագրողներու համար:
Նախ անոնք հեռախօսազանգով կապ հաստատած են իրենց զոհերուն հետ, այնուհետեւ տեսազանգեր Skype-ի միջոցով: Իրենց ծրագիրը իրագործելու համար խաբեբաները յատուկ կահաւորած են «նախարարի գրասենեակը»՝ դրօշներով եւ անգամ այն ժամանակուայ նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի նկարով:
Անոնք զոհերէն խնդրած են գումարը փոխանցել Չինաստանի մէջ բացուած հաշուեհամարին, որպէսզի այն հնարաւոր չըլլայ վերահսկել: Գումար խնդրելու ժամանակ կեղծ նախարարը պարզաբանած է, որ Ֆրանսայի կառավարութիւնը օրէնքի համաձայն գումար չի տրամադրեր որպէս փրկագին:
Այդպիսով, 2015-2017 թուականներուն յանցախումբը յաջողած է 90 միլիոն տոլար կործել բաւականին յայտնի եւ հարուստ մարդոցմէ: BBC-ի տուեալներով՝ գումարի կէսը փոխանցած է թուրք գործարարը, որու անունը չի նշուիր: Յայտնի է նաեւ, որ մեծահարուստ արքայազն Քարիմ Աղա-Խան IV-ը 18 միլիոն եւրօ կորսնցուցած է: Խաբեութեան զոհ դարձած մեծահարուստներէն ոչ ոք ցանկացած է զրուցել ԶԼՄ-ներու հետ: