Կ՚առաջարկեմ հանրային համաձայնութիւն ձեռքբերել, որ «իքս» ամսաթիւէ մը հանրային–քաղաքական–հրապարակային դաշտի մէջ հայհոյախօսութիւնը եւ «հիպրիտային» թիրախաւորումը դադարեցնենք եւ անցնինք բացառապէս քաղաքակիրթ եւ յարգալից բանավէճի, եւ միայն ստուգուած փաստերու վրայ հիմնուելու տրամաբանութեան։ Այս մասին գրած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։
«Ես առաջարկում եմ յուլիսի 1–ը որպէս կոնսենսուսի մեկնարկի ամսաթիւ եւ այս պահից մինչեւ յուլիսի 5–ը վետո եմ դնում իմ կողմից «պարականոն» բառապաշարի եւ խօսոյթի կիրառման վրայ։
Յուլիսի 5–ին կը կիսեմ իմ տպաւորութիւնը, թէ ինչ արձագանգ է գտել առաջարկը հանրութեան եւ սոցիալական ցանցերի օգտատէրերի շրջանում»,-գրած է ան։