image
Հրատապ լուրեր:

Մեծ երգիչին անդրանիկ որդւոյն մահը. Ոչ եւս է Ուատիհ Ժորժ Ուասուֆը

  Մեծ երգիչին անդրանիկ որդւոյն մահը. Ոչ եւս է Ուատիհ Ժորժ Ուասուֆը

Հիւանդանոցին մէջ առողջական բարդութիւններ ունենալէ ետք իր մահկանացոն կնքած է արաբական աշխարհի մեծ երգիչներէն՝ Ժորժ Ուասուֆի անդրանիկ որդին՝ Ուատիհը։

 

 Այս մասին կարդացինք լիբանանեան ԶԼՄ-ներէ, որոնք նշեցին, թէ Ուասուֆ ներքին արիւնահոսութեան ենթարկուած է եւ բժիշկներուն կողմէ վերջինիս կեանքը փրկելու փորձերը չեն պսակուած յաջողութեամբ։

 

 Մահուան բօթէն անմիջապէս ետք լուրեր տարածուեցան այն մասին, որ հայր Ուասուֆ առնելէ ետք այս ծանր բօթը ջղային նոպաներ անցուցած է, ու ինք եւս տարուան է հիւանդանոց։

 

 Աւելի ուշ սակայն այդ լուրերը հերքուած են Ուասուֆի գրասենեակին վարիչին կողմէ։

 

Մեր  ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ «Արեւելք»  Ուասուֆի որդւոյն   մասին լրացուցիչ եւ մանրամասն կերպով գրած էր։