image

Պոլսահայ համայնքային առաջնորդին որդւոյն անդամակցութիւնը ՝ «Կալաթասարայ» ակումբին

Պոլսահայ համայնքային առաջնորդին որդւոյն  անդամակցութիւնը ՝ «Կալաթասարայ» ակումբին

Պոլսոյ ազդեցիկ անուններէն համարուող Պետրոս Շիրինօղլուի որդին՝ Յակոբ Շիրինօղլուն օրերս անդամակցած է Պոլսոյ Ֆութպոլային առաջատար «Կալաթասարայ» ակումբին։

 Այս մասին կարճ  լրատւութիւն մը կատարած է Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ։

Նշենք, որ պաշտօնական Անգարայի հետ բարձր մակարդակի յարաբերութիւններ ունեցող Պետրոս Շիրինօղլուն, ոչ միայն յաջողած գործարար է այլ նաեւ համայնքային ազդեցիկ գործիչ։

 Ան ներկայիս կը գլխաւորէ Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի հոգաբարձութեան կազմը, եւ ներկայ փուլին անոր որդւոյն հանրային հարթակ մուտք գործելու  սոյն քայլը  մէկէ  աւելի առումներով  կրնայ  խօսիլ   Շիրինօղլու ընտանիքի  ներկայացուցչութեան  առումով   նոր փուլի մը  հաւանական  սկզբնաւորութեան մասին։

 

Մեր համայնքէն Յակոբ Շիրինօղլու անդամակցեցաւ Կալաթասարայ մարզակումբին։ Անցեալ շաբաթավերջին, Կալաթասարայ լիսէի նշանաւոր, պատմական «Թեւֆիք Ֆիքրէթ» սրահի երդիքին տակ հանդիսաւոր արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ՝ մարզակումբի նոր անդամներու ընդունման առթիւ։ Այս հանդիսութեան ներկայ էր նաեւ Յակոբ Շիրինօղլու, որ պաշտօնապէս մարզակումբի անդամ դարձաւ՝ ընդգրկուելով ընդհանուր ժողովին։ Ան իր կրծքանշանը ստացաւ՝ ձեռամբ Կալաթասարայ մարզակումբի վարչութեան նախագահ Տուրսուն Էօզպէքի, որ զինքը շնորհաւորեց ջերմօրէն։