image

Զելենսքիէն պատիժներ՝ Մետւետեւի կնոջ եւ որդւոյն դէմ

Զելենսքիէն պատիժներ՝ Մետւետեւի կնոջ եւ որդւոյն դէմ

Վլատիմիր Զելենսքին պատժամիջոցներ կիրառած է Ռուսիոյ Դաշնութեան 257 ֆիզիքական անձերու նկատմամբ, անոնց շարքին՝ ՌԴ Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետւետեւի կնոջ եւ որդւոյն դէմ, ինչպէս նաեւ «Կազփրոմ»-ի տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Վիքթոր Զուբքովի նկատմամբ։

Ցուցակին վրայ են նաեւ անյետաձգելի մանկական վիրաբուժութեան եւ վնասուածքաբանութեան գիտահետազօտական հիմնարկի նախագահ Լէոնիթ Ռոշալ եւ գործարար Պորիս Թիթով։

Անձնական պատժամիջոցները կը սահմանուին 10 տարի ժամկէտով եւ կը նախատեսեն աւանդներու արգելափակում, Ուքրանիայէն դրամագլուխի դուրս հանելու արգելք, տնտեսական եւ ֆինանսական պարտաւորութիւններու կատարման դադրեցում, արհեստագիտութիւններու եւ մտաւոր սեփականութեան ապրանքներու նկատմամբ իրաւունքներու փոխանցման արգելք։