«Չի բացառուիր, որ մեծ երգիչին անդրանիկ զաւակին մահուան պարագան ներկայացուի դատական մարմիններուն»,- այսօր նմանօրինակ յայտարարութեամբ մը հանդէս եկած է Ճորճ Ուասուֆի փաստաբան՝ Մայա Մաթար։
Մաթար նաեւ ըսած է, որ ներկայ պահուն երբեք ժամանակը չէ այդ խնդիրը բարձրաձայնել, նշելով նաեւ, որ ընտանիքը կ՚անցնի դժուարին ժամանակներէ եւ բոլորը կը գտնուին իրենց կորուստը սգալու եւ անոր յիշատակը յարգելու օրերուն մէջ։
Փաստաբանին կարծիքով Ուատիհ Ուասուֆ վիրաբուժութեան ենթարկուած է Պէյրութի ամէնէն առաջադէմ բժիշկներէն մէկուն կողմէ, բայց այդ չի նշանակէր,որ այս խնդրով իրենք պատրաստ չեն մինչեւ վերջ երթալու։
Յիշեցնենք, որ արաբական աշխարհի մեծանուն երգիչ Ճօրճ Ուասուֆի անդրանիկ զաւակ՝ Ուատիհ Ուասուֆ իր մահկանացուն կնքած էր տաս օր առաջ իր անցուցած վիրաբուժական գործողութիւնէն ետք երեւելի դարձած բարդութիւններէն ետք։