Իսլամապատը մեծ կարեւորութիւն կու տայ Մոսկուայի, Երեւանի եւ Պաքուի հետ կապերու ամրապնդման։ Այս մասին յայտարարած է Մոսկուայի մէջ Փաքիստանի դեսպան Ֆէյսալ Նիյազ Թիրմիզին։
Մեկնաբանելով Փաքիստանի եւ Հայաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը՝ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ լարուածութեան կարգաւորման լոյսին տակ, ինչպէս նաեւ Փաքիստանի մէջ Հայաստանի առաջին դեսպանի նշանակումը, դիւանագէտը շեշտած է, որ Հայաստանը, Ատրպէյճանը եւ Կովկասը շատ ընդհանրութիւններ ունին Փաքիստանի հետ։
«Երկար տարիներ Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ չէինք ունեցած, եւ շատ ուրախ եմ, որ վերջին զարգացումները յանգեցուցին այն գիտակցութեան, որ անհրաժեշտ է բնականոն կապեր հաստատել Հայաստանի հետ։ Եթէ նայինք վերջին իրադարձութիւններուն, ես շատ ճամբորդած եմ Տաղստան, Չեչնիա, Սոչի, Քրասնոտար, ինչպէս նաեւ եղած եմ Ատրպէյճանի մէջ։ Պատմականօրէն Կովկասեան շրջանին եւ Փաքիստանի միջեւ հսկայական կապ գոյութիւն ունի։ Ես բազմաթիւ հեռանկարներ կը տեսնեմ Փաքիստանի, Հայաստանի եւ ամբողջ Կովկասեան տարածաշրջանին միջեւ»,– ընդգծած է ան։
Ան նաեւ նշած է, որ Ատրպէյճանի մէջ՝ Պաքուի ամէնէն մեծ շրջաններէն մէկը կը կոչուի Մուլթան Սարայ (Մուլթանի քարաւանատուն), իսկ Մուլթանը Փաքիստանի երրորդ կամ չորրորդ մեծագոյն քաղաքն է։
«Փաքիստանի մէջ զգալի թիւով հայ բնակչութիւն կայ։ Քիչեր գիտեն այդ մասին, սակայն երկրին ամէնէն բարձր զինուորական պարգեւ ստացողներէն մէկը հայկական ծագումով փաքիստանցի զինուոր մըն էր»,– ըսած է դեսպանը։
Ան նաեւ մանրամասնած է Տուպայի մէջ հայերու եւ փաքիստանցիներու միջեւ յարաբերութիւններուն մասին։
«Ես նաեւ եղած եմ Տուպայի մէջ։ Այնտեղ հայերու եւ փաքիստանցիներու միջեւ բազմաթիւ ամուսնութիւններ տեղի ունեցած են։ Ասիկա կը նպաստէ մարդոց միջեւ շփումներուն, կը զարգացնէ առեւտուրը եւ կը խթանէ մշակութային կապերը։ Կը կարծեմ, որ Հայաստանը, Ատրպէյճանը եւ Կովկասը շատ ընդհանրութիւններ ունին Փաքիստանի հետ»,– նշած է դիւանագէտը։
Ֆէյսալ Նիյազ Թիրմիզին պատմած է, որ տակաւին մանկութենէն երազած է Կովկասի պատմութեան մասին գիրքեր կարդալու մասին։
«Պատիւ ունեցած եմ այցելելու այս տարածաշրջանի բազմաթիւ երկիրներ եւ շրջաններ։ Մենք պատմական կապեր ունինք Կովկասին հետ, եւ Հայաստանը անոնց շատ կարեւոր մէկ մասն է։ Կը տեսնեմ, թէ այսօր ինչպէս կը զարգանան Հայաստանի եւ Փաքիստանի միջեւ մարդոց միջեւ շփումներն ու գործարար կապերը»,– եզրափակած է ան։